Այսօրուընէ արդէն յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութիւն ունեցող քաղաքական ուժերը կրնան պաշտօնապէս ներկայացնել իրենց յայտերը:
Կուսակցութիւնները, կուսակցութիւններու դաշինքները գրանցման համար փաստաթուղթերը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով պէտք է ներկայացնեն մինչեւ ապրիլ 23-ի ժամը 18:00-ը:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը քաղաքական ուժերու ընտրական ցուցակներու գրանցումը պիտի կատարէ ապրիլ 23-էն մայիս 3-ը:
Նախընտրական քարոզչութիւնը պաշտօնապէս պիտի մեկնարկի մայիս 8-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս 5-ի ժամը 24:00-ը։
Քուէարկութեան նախորդ օրը՝ յունիս 6-ը, լռութեան օր է. այդ օրը կ՚արգիլուի քարոզչութիւնը: