image

Հունգարիան նորէն պիտի դառնայ ԵՄ-ի ուժեղ դաշնակիցը. Մատեար

Հունգարիան նորէն պիտի դառնայ ԵՄ-ի ուժեղ դաշնակիցը. Մատեար

«Մեր երկրի տեղը Եւրոպայի մէջ է, եւ մենք դարձեալ պիտի դառնանք ուժեղ եւրոպական դաշնակից եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ, պիտի վերականգնենք մեր դիրքերը Եւրոպայի մէջ»,– աջակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Հունգարիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած «Տիսա» կուսակցութեան առաջնորդ Փեթեր Մատեարը։

Ան աւելցուցած է, որ իր առաջին արտասահմանեան այցելութիւնները պիտի ըլլան Վարշաւա եւ Վիեննա, որմէ ետք պիտի այցելէ Պրիւքսէլ՝ ԵՄ-ին կոչ ընելու՝ բանալ միլիառաւոր եւրոներու սառեցուած միջոցները։

Մատեարը նաեւ կոչ ըրած է Հունգարիոյ նախագահ Թամաշ Շույոքին՝ անմիջապէս հրաժարական տալու՝ կառավարութիւն ձեւաւորելու խնդրանքով դիմելէ ետք։ Ան նմանատիպ ուղերձ յղած է Վիքթոր Օրպանի նշանակած այլ առաջնորդներու՝ իր խօսքով՝ այն խամաճիկներուն, որոնք վերջին 16 տարիներուն ընթացքին իշխանութիւն զբաշցուցած են։ Նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին «Տիսա»-ն այդ պաշտօնեաները մեղադրած է կուսակցութեան, եւ ոչ թէ ժողովուրդին շահերը ներկայացնելու համար։

Նշենք, որ Հունգարիոյ մէջ Կիրակի կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդդիմադիր «Տիսա» կուսակցութիւնը յաղթանակ տարած է եւ, ըստ նախնական արդիւնքներուն, կրնայ ստանալ սահմանադրական մեծամասնութիւն։ Երկրին մէջ 16 տարի իշխանութեան ղեկին գտնուած վարչապետ Վիքթոր Օրպան արդէն ընդունած է պարտութիւնը եւ շնորհաւորած կուսակցութեան առաջնորդ Փեթեր Մատեարը։

Գրեթէ ամբողջութեամբ հաշուարկուած քուէաթերթիկներու տուեալներով՝ «Տիսա»-ն կը ստանայ 199 մանթատէն 138-ը, որ կը թոյլատրէ կազմել սահմանադրական մեծամասնութիւն խորհրդարանին մէջ։ Օրպանի «Ֆիտես» կուսակցութիւնը կը ստանայ 55 մանթատ, իսկ ծայրայեղ աջ «Մեր հայրենիքը»՝ վեց։

Օրպան, չսպասելով վերջնական հաշուարկին, յայտարարած է, որ արդէն շնորհաւորած է Մատեարը՝ նշելով, որ արդիւնքները «ցաւոտ» են, սակայն իր կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ ծառայել երկրին՝ արդէն ընդդիմութեան կարգավիճակով։

 

Մատեարը յաղթանակի հանրահաւաքին յայտարարած է, որ ընտրութիւնները «միասին յաղթեցին», շեշտելով, որ «հունգարացիները ազատագրեցին երկիրը եւ տապալեցին Օրպանի վարչակարգը»։ Ան նաեւ նշած է, որ ընտրութիւններուն արձանագրուած է աննախադէպ մասնակցութիւն։

Իրօք, քուէարկութեան օրը մասնակցութիւնը հասած է մրցանշային մակարդակի՝ շուրջ 74 տոկոս, գերազանցելով նախորդ ընտրութիւններու ցուցանիշը։

Մատեարը իր ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ «Հունգարիան ըսած է՝ այո՛ Եւրոպային», եւ խոստացած է սկսիլ երկրի «բուժման» գործընթացը։

Եւրոպական առաջնորդները ողջունած են արդիւնքները։ Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը նշած է, որ «Եւրոպայի սիրտը այսօր աւելի ուժգին կը բաբախէ Հունգարիոյ մէջ»։

 

Ընտրութիւնները տեղի ունեցած են բարձր քաղաքական լարուածութեան պայմաններուն մէջ․ Օրպանի նախընտրական քարոզարշաւին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է Ուքրանիոյ պատերազմը, իսկ անոր կառավարութիւնը երկար ժամանակ քննադատուած է Ռուսիոյ նկատմամբ մեղմ դիրքորոշում որդեգրելու համար։