image

Իրանը պատրաստ է «արդար գործարք»ի

Իրանը պատրաստ է «արդար գործարք»ի

 

Իրան պատրաստ է հաւասարակշռուած եւ արդար գործարքի Միացեալ Նահանգներու հետ, եւ Թեհրանի շահերը կը մնան կարմիր գիծ, Փութինի հետ ունեցած զրոյցին յայտարարած է Իրանի նախագահը։

Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի նախագահի մամուլի ծառայութեան։

«Իրան ամբողջովին պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ հաւասարակշռուած եւ արդար համաձայնութեան հասնելու, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պիտի ապահովէ երկարատեւ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն»,– ըսած է Փեզեշքիանը։

Ան նաեւ նշած է, որ իրենց կարմիր գիծը Իրանի ժողովուրդի ազգային շահերն ու իրաւունքներն են։