Տանըլտ Թրամփ եւ Նիւ Եորքի նորընտիր քաղաքապետը հաշտուած են: Միացեալ Նահանգներու նախագահը Սպիտակ տան մէջ ընդունած է Զոհրան Մամտանին:
Լրատուամիջոցները գրած են, որ անոնց առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը շատ աւելի ջերմ անցած է, քան բոլորը կ'ակնկալէին՝ հաշուի առնելով, որ Թրամփ Մամտանին կ'անուանէր «կոմունիստ» եւ կը սպառնար անոր ընտրուելու պարագային կրճատել Նիւ Եորքի դաշնային յատկացումները: Լրագրողները հանդիպման յիշեցուցած են, որ Մամտանին ալ աւելի վաղ Տանըլտ Թրամփը «ֆաշիստ» անուանած է: Սակայն Թրամփ ընդհատած է Մամտանիի պատասխանը եւ խորհուրդ տուած չպատասխանել այդ հարցին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուցած է, որ պարզուած է՝ Մամտանին եւ ինքը զարմանալիօրէն շատ ընդհանուր գաղափարներ ունին եւ կը ցանկան զարգացնել Նիւ Եորքը եւ միասին պայքարին յանցաւորութեան դէմ:
Աւելի վաղ Մամտանին Թրամփի անձնակազմը մեղադրած էր Իսրայէլին աջակցելու համար: Նիւ Եորքի քաղաքապետը մամուլի ասուլիսին կրկնած է, թէ կը դատապարտէ, իր ձեւակերպմամբ, «Կազայի մէջ իսրայէլեան ուժերուն ցեղասպան գործելաոճը», սակայն պիտի պայքարի հակասեմական տրամադրութիւններուն դէմ: