Իսլամապատի մէջ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի բանակցութիւնները պէտք չէ դիտարկել որպէս առանձին իրադարձութիւն․ անոնք հիմք ստեղծեցին ապագայ դիւանագիտական գործընթացի համար, որ կրնայ օգտակար ըլլալ երկու կողմերուն։
Այս մասին յայտարարած է Փաքիստանի մէջ Իրանի դեսպան Ռեզա Ամիրի Մողատամը։
«Իսլամապատի բանակցութիւնները «ոչ թէ իրադարձութիւն են, այլ գործընթաց»։ (Անոնք) հիմք դրին դիւանագիտական գործընթացի, որ, եթէ վստահութիւնը ամրապնդուի եւ կամք դրսեւորուի, կրնայ կայուն հիմք ստեղծել՝ բոլոր կողմերու շահերը հաշուի առնելու համար»,– գրած է ան X-ի մէջ։