ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ շարունակուող հրադադարի լոյսի ներքոյ Իսրայէլ կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները Լիբանանի մէջ՝ «Հըզպալլա» շարժման դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս։ Ըստ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան՝ երկրի քանի մը շրջաններու մէջ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով նոր զոհեր արձանագրուած են։
Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA)։
Կը հաղորդուի, որ վերջին օրուան ընթացքին Իսրայէլի յարձակումներուն հետեւանքով 4 մարդ զոհուած է, 3-ը՝ վիրաւորուած Սուրի շրջանին մէջ, 9 մարդ զոհուած է, 13-ը՝ վիրաւորուած Սայտայի շրջանին մէջ։ Պընթ Ժպէյլ շրջանին մէջ թիրախ դարձած է Լիբանանի Կարմիր խաչի շտապօգնութեան խումբը, որու հետեւանքով զոհուած է 1 շտապօգնութեան աշխատակից, եւս մէկը՝ վիրաւորուած։
Ալ-Պազուրիէ բնակավայրին վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած է 1 զոհ եւ 9 վիրաւոր։
Գործակալութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Լիբանանի տարբեր շրջաններու ուղղութեամբ իսրայէլեան հարուածները կը շարունակուին։
«Հըզպալլա»-ն իր կարգին յայտարարած է, որ Ապրիլ 13-ին իր ուժերու թիրախ դարձած են լիբանանա-իսրայէլեան սահմանի մօտակայքը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի տարածքին մէջ գտնուող իսրայէլեան բանակի քանի մը հաւաքատեղիներ։
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Մարտ 2-էն ի վեր զոհերու ընդհանուր թիւը հասած է 2055-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 6588-ի։