image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Նիւ Եորքի «ընկերվարական» քաղաքապետը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Նիւ Եորքի «ընկերվարական» քաղաքապետը

Դարձեալ ի հակազդեցութիւն Թրամփի հայեցակարգին եւ քաղաքականութեան:

Պարզ է, որ Նիւ Եորքի մէջ որոշիչ է հրէական լոպին: Շատ կ՛արծարծուի այդ լոպիին ի նպաստ ընտրուած քաղաքապետին աշխատիլը: Այլ խօսքով` նոյն լոպին այս ձեւով աշխատած կ՛ըլլայ ի նպաստ իսլամ ինքնութիւնը շեշտող քաղաքապետի ընտրութեան: Աւելի՛ն. Մամտանին կը քննադատէր Համասի յարձակումը, սակայն միաժամանակ կը մեղադրէր իսրայէլեան կառավարութիւնը` իբրեւ խտրական եւ ցեղասպանական քաղաքականութիւն կիրարկող պետութիւն: Երեւոյթը պէտք ունի յաւելեալ վերլուծումներու. կրնայ բացատրուիլ հրէական լոպիի հականեթանիահու դիրքորոշումներով կամ որոշ առումով  Թրամփի միջինարեւելեան քաղաքականութեան հակադրուելով: Տակաւին պարզ չէ, որ հրէական լոպիին ազդեցիկութիւնը խնդրոյ առարկա՞յ դարձած է, թէ՞ հրէական ծագումով երիտասարդ ընտրազանգուածին միանշանակ քուէարկած ըլլալուն արդիւնքն է արձանագրուածը:

Ինքնաբնութագրման երրորդ բաղադրիչը` «ես ընկերվարական եմ», առիթ կու տայ այլ մեկնաբանութիւններու: Նախագահ Թրամփ Մամտանիին մասին խօսելով յայտնած էր, թէ ան ոչ թէ ընկերվարական, այլ համայնավար է: Այս ընդգծումը քաղաքապետին կողմէ դարձեալ պատասխան-հակազդեցութիւն է:

Կը մնայ արձանագրել, որ դրամատիրութեան մայրաքաղաքը կ՛ունենայ այս ձեւով «ընկերվարական» քաղաքապետ մը:

 

 

 

 

Նիւ Եորքի քաղաքապետի ընտրութիւնը գրաւած է ոչ միայն ամերիկեան, այլ նաեւ համաշխարհային լրատուամիջոցներու առաջին հորիզոնականները:

Առաջին մօտեցումով դեմոկրատական թեկնածուի ընտրութիւնը կը թարգմանուի իբրեւ հակազդեցութիւն Թրամփի քաղաքականութեան: Նիւ Եորքը ընդհանրապէս ունի դեմոկրատական դիմագիծ, այդուհանդերձ այս ընտրութիւնը բաւական լարուած վիճակի մէջ, երկկուսակցական մրցապայքարի ընթացիկ ընտրութիւններէն դուրս է: Տարբեր հանգամանքներով:

Նորընտիր քաղաքապետը կը յայտարարէ, որ ինք իսլամ, ժողովրդավար եւ ընկերվարական է: Կրօնական հանգամանքի շեշտադրումը եւս Թրամփի քաղաքականութեան հակադրութեան կամ հակազդեցութեան տրամաբանութեան մէջ է:

Կան ի հարկէ ընկերային հարցերու, գաղթականական խնդիրներու, հանրային փոխադրութեան, հարկերու եւ ամերիկեան հասարակութիւնը յուզող այլ առանցքային խնդիրներ, որոնց նկատմամբ Զոհրան Մամտանիի որդեգրած առաջադրանքները ընկալուեցան Նիւ Եորքի ընտրազանգուածին կողմէ: Ան մեծ հաշուով կը նկատուի ոչ աւանդական թեկնածու, որ աշխատեցաւ թիրախային` յատկապէս ներգրաւելով երիտասարդ եւ գաղթականական ծագում ունեցող ընտրազանգուածը:

Այս բոլորով հանդերձ պէտք չէ մոռնալ հակազդեցութեան գործօնը: Կեդրոնանանք երկու թիրախներու վրայ: Գաղթականներու նկատմամբ Թրամփի որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ յատկապէս քրիստոնէական արժեհամակարգի գերադասումով հակաիսլամութեամբ ընկալուած հռետորաբանութիւնը:

Մինչեւ Մամտանիի ընտրութեան ետին կանգնած հասարակական եւ քաղաքական խնդիրներու ծալքերուն անդրադառնալը, աւելորդ չէ յիշելը Չարլի Քըրքի երեւոյթը եւ դարձեալ իբրեւ հակազդեցութիւն` անոր գաղափարախօսութեան նկատմամբ արձանագրուած ահաբեկչութիւնը:

Այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ ընկալելու համար նորընտիր քաղաքապետին իսլամական կրօնին պատկանելու յայտարարութիւնը: Ինքզինք բնութագրելով, իր ինքնութեան անդրադառնալով իր կրօնական պատկանելիութեան մասին կը խօսի ամէն բանէ առաջ հնդկական ծագում ունեցող Նիւ Եորքի քաղաքապետը:

Ինքնածանօթացման համար իր օգտագործած երկրորդ բաղադրիչը` դեմոկրատականն է, որ այստեղ կը բացատրուի հանրապետական նախագահի գաղափարախօսութեան յաղթած ըլլալու ուղերձով: Հոս արդէն խնդիրը կրօնականէն անդին է եւ կը բացատրէ վարչակարգի կիրարկած ամբողջ քաղաքականութեան մը դէմ հակադրութիւնը: Սկսեալ մաքսայինէն հասնելու համար ապահովագրութեան, կրթութեան, հասնելու համար մինչեւ հանրային փոխադրամիջոցներու համակարգ:

Եւ ահա երրորդը` ընկերվարականը: Խորքին մէջ այս երրորդն է հաւանաբար, որ կը շեշտէ քաղաքապետին ոչ աւանդական թեկնածու ըլլալու փաստը: Դեմոկրատականները կ՛ընկալուէին իբրեւ ձախ գաղափարախօսութեան հետեւորդներ: Ամերիկեան հասարակական ընկալումը դեմոկրատականներուն կը կպցնէր ընկերվարական էութիւն մը: Ընդհանրացած չէր սակայն դեմոկրատական թեկնածուներու պարագային իբրեւ ընկերվարական ներկայանալը: Նախագահական նախկին թեկնածու Սենտըրզին ամէնէն շատ ընկերվարական մակդիրը կ՛օգտագործուէր քաղաքական շրջանակներուն կողմէ:

Հետաքրքրական է, որ ինքնաբնութագրումին մէջ ազատական (լիպերալ) ձեւակերպումը չ՛օգտագործեր: Նախընտրական ճառերուն մէջ շատ էին սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներէն  մինչեւ մարդու իրաւունքի հետ կապուած զանազան հարցերը: Դարձեալ ի հակազդեցութիւն Թրամփի հայեցակարգին եւ քաղաքականութեան:

Պարզ է, որ Նիւ Եորքի մէջ որոշիչ է հրէական լոպին: Շատ կ՛արծարծուի այդ լոպիին ի նպաստ ընտրուած քաղաքապետին աշխատիլը: Այլ խօսքով` նոյն լոպին այս ձեւով աշխատած կ՛ըլլայ ի նպաստ իսլամ ինքնութիւնը շեշտող քաղաքապետի ընտրութեան: Աւելի՛ն. Մամտանին կը քննադատէր Համասի յարձակումը, սակայն միաժամանակ կը մեղադրէր իսրայէլեան կառավարութիւնը` իբրեւ խտրական եւ ցեղասպանական քաղաքականութիւն կիրարկող պետութիւն: Երեւոյթը պէտք ունի յաւելեալ վերլուծումներու. կրնայ բացատրուիլ հրէական լոպիի հականեթանիահու դիրքորոշումներով կամ որոշ առումով  Թրամփի միջինարեւելեան քաղաքականութեան հակադրուելով: Տակաւին պարզ չէ, որ հրէական լոպիին ազդեցիկութիւնը խնդրոյ առարկա՞յ դարձած է, թէ՞ հրէական ծագումով երիտասարդ ընտրազանգուածին միանշանակ քուէարկած ըլլալուն արդիւնքն է արձանագրուածը:

Ինքնաբնութագրման երրորդ բաղադրիչը` «ես ընկերվարական եմ», առիթ կու տայ այլ մեկնաբանութիւններու: Նախագահ Թրամփ Մամտանիին մասին խօսելով յայտնած էր, թէ ան ոչ թէ ընկերվարական, այլ համայնավար է: Այս ընդգծումը քաղաքապետին կողմէ դարձեալ պատասխան-հակազդեցութիւն է:

Կը մնայ արձանագրել, որ դրամատիրութեան մայրաքաղաքը կ՛ունենայ այս ձեւով «ընկերվարական» քաղաքապետ մը:

 

«Ա.»

Նոյ. 6, 2025