Հայաստանի իրաւապահ մարմինները բացայայտեցին տարբեր ձեւերով ընտրակաշառք բաժանելու դէպքեր, որոնք կը կատարուին բարեգործութեան եւ կամ առանց աշխատանք կատարելու վարձատրուելու եղանակով։ Հակափտածութեան Կոմիտէի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան կցուած են ձայնագրութիւններ, ուր կը լսուին կաշառք բաժանողներու եւ ստացողներու հեռաձայնային խօսակցութիւնները։ Այդ դրուագներէն մէկուն մէջ կաշառատուն կը զգուշացնէ՝ «այդ մասին հեռաձայնով չխօսիլ», գիտնալով որ կատարուածը անօրինական է։ Կաշառքի միջոցաւ ընտրողներու ձայները ապահովելու այս գործողութիւնները կը վերագրուին, «Մեր Ձեւով» շարժումին, որ կը ղեկավարուի Ռուաստանաբնակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ։
Կարապետեան Հայաստան գալով ու քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելով խառնեց ընդդիմադիր դաշտի խաղաքարտերը։ «Մեր Ձեւով»-ը, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած է նորաստեղծ՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անուամբ, հսկայ գումարներ կը ծախսէ ընտրարշաւի վրայ՝ այդ առումով շուքի մէջ ձգելով բոլոր միւս ուժերուն, ներառեալ իշխող՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան։ Այդ գումարներուն միջոցաւ «Ուժեղ Հայաստան»-ը կը փորձէ ստեղծել մեծ ժողովրդականութիւն վայելող շարժումի պատրանք՝ կազմակերպելով բազմամարդ հանդիպումներ ու բանալով գրասենեակներ՝ հայաստանի ամբողջ տարածքով։ Սակայն, կան վկայութիւններ, որ այդ բազմամարդութիւնը եւս կ՛ապահովուի դրամական վարձատրութեամբ եւ արդիւնք չեն ինքնակամ մասնակիցներու կամաւոր ներկայութեամբ։ Ասոր մէկ օրինակը բացայայտ երեւցաւ Գաւառ մէջ նոր գրասենեակի մը բացման միջոցառման ընթացքին։ Կուսակցութեան ղեկավարները Գաւառ ժամանած էին հինգ հսկայ փոխադրակառքերով, իրենց հետ բերելով 300 «շրջուն համակիրներ», որոնք առնչութիւն չունէին քաղաքին հետ։
«Մեր Ձեւով»-ի անուան հետ կապուած կան այլ կասկածներ։ Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, անոնք կը պատրաստուին Հայաստան բերելու մեծ թիւով քուէարկողներ՝ Ռուսաստանէն ու Վրաստանէն՝ խոստանալով մեծ գումարներ։
Մինչեւ 2018 թուականը ընտրական կեղծիքները կը հանդիսանային Հայաստանի քաղաքական կեանքի ամենէն խոցելի կողմը։ Ընտրական կաշառքը, քուէարկողներու վրայ այլազան տեսակի ճնշումները, քուէատուփերու լցոնումները եւ այլ տեսակի ընտրախախտումները դարձած էին կրկնուող երեւոյթ։ Իւրաքանչիւր ընտրութիւններէ ետք ժողովուրդը հազարներով փողոց դուրս կու գար՝ կեղծուած հերթական ընտրութիւններուն դէմ բողոքելու համար։ Թաւշեայ յեղափոխութեան պատճառներէն մին ալ այն էր, որ քաղաքացին դադրած էր հաւատալէ, որ ընտրութիւններու միջոցաւ կարել էր իրավիճակ փոխել երկրէն ներս։ Այդ թուականէն ետք տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւններու՝ համապետական, թէ տեղական, իշխանութիւնները կարողացան ապահովել ազատ ընտրութիւններու կայացումը, սակայն ընդդիմադիրները չեն ձերբազատուած իշխանութիւն եղած ժամանակուայ իրենց յոռի բարքերէն ու կը շարունակեն ընտրակաշառքի միջոցաւ քուէներ ապահովելու գործելաոճը, որ կը զրկէ Հայաստանը ամբողջական ժողովրդավարութեան հասնելու ձգտումներէն։
Ժողովրդավարութիւնը ունի իր յստակ օրէնքները, որուն պէտք է ենթարկուին ե՛ւ իշխանութիւնները ե՛ւ ընդդիմադիրները։ Դժբախտաբար սակայն, Հայաստանի ընդդիմադրութեան մէկ կարեւոր մասը չուզեր հետեւիլ խաղի այդ կանոններուն ու կը փորձէ դիմել զարտուղի միջոցներու՝ իր նպատակներուն հասնելու համար։
Մեծահարուստ ընդդիմադիր առաջնորդներու ծախսած գումարները եւ բաժնած կաշառքները կրնան արդիւնքի չհասնիլ, սակայն իշխանութիւնները պէտք չէ բաւարարուին այդ մէկով։ Ընտրական կաշառքը պէտք է արմատախիլ ընել Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ու այդ ընելու համար պէտք է սահմանուին աւելի խոստ պատժամիջոցներ։ Անհատները պատասխանատուութեան ենթարկելը բաւարար պէտք չէ նկատուի, այլ այդ անհատներու ետին կեցող կուսակցութիւնները զգաստութեան հրաւիրուին, թէկուզ արգիլելով անոնց մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն։
Գրիգոր Խոտանեան
04/02/2026