image

Գանատահայ սաներ յարգած են Մարգար Շարապխանեանի յիշատակը

Գանատահայ սաներ յարգած են Մարգար Շարապխանեանի յիշատակը

Օրերս, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի «Լափոյեան» երկրորդական բաժնի ԺԲ. կարգի 28 աշակերտներ, վարժարանի տարեկան հայաստանագնացութեան ծիրէն ներս, կատարած են իրենց աւանդական ուխտագնացութիւնը դէպի Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու վարժարանի հիմնադիր տնօրէն՝ Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ«Թորոնթոհայ»ի պատրաստած թղթակցութենէն։

Ստորեւ այցելութեան մասին թղթակցութիւնը՝

Երեքշաբթի, 17 մարտին, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի «Լափոյեան» երկրորդական բաժնի ԺԲ. կարգի 28 աշակերտներ, վարժարանի տարեկան հայաստանագնացութեան ծիրէն ներս, կատարեցին իրենց աւանդական ուխտագնացութիւնը դէպի Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու վարժարանի հիմնադիր տնօրէն՝ Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին։

Այցելութիւնը սկիզբ առաւ Ուշիի գերեզմանատան մէջ, ուր աշակերտները իրենց խոնարհումը բերին պարոն Շարապխանեանի շիրիմին առջեւ։ Վարժարանի տնօրէն եւ պարոն Մարգարին սաներէն՝ Պր. Ռաֆֆի Սարգիսեան գերեզմանատան մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, պարոն Մարգարին տեսլականը շաղկապեց Թորոնթոյի համայնքի այսօրուան վերելքին եւ նոր շէնքի պատմական ձեռքբերումին։

Ան յիշեցուց, որ վարժարանը իր դռները բացած էր 1979-ին՝ միայն 70 աշակերտներով, պարոն Մարգարին եւ իր սերնդակիցներու հսկայական ջանքերուն շնորհիւ։ Ան նշեց, որ դպրոցական նոր համալիրի ձեռքբերումը այդ նոյն երազանքին իրականացումն է, որպէսզի դպրոցը մեծնայ եւ հայեցի կրթութիւնը դառնայ հասանելի բոլորին։

«Մեծ պատիւ է մեզի համար, որ մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէնը եղած է պարոն Մարգարը։ Մեր վարժարանին համար շատ կարեւոր է յիշել մեր արմատները։ Այդ պատճառով ալ աւանդութիւն դարձուցինք, որ երբ Հայաստան հասնինք, այցելենք Ուշի գիւղ եւ պարոն Մարգարին շիրիմին առջեւ կարդանք իր իսկ պատրաստած երդումը», ըսաւ Սարգիսեան։

Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ այն աշակերտներուն, որոնք Պր. Մարգարին քաջալերանքով վերադարձած են հայրենիք եւ հաստատուած հայրենի հողին վրայ, ինչպէս ըրաւ իրենց ուսուցիչը։

Այս յուզիչ վկայութենէն ետք, 28 աշակերտները միասնաբար արտասանեցին վարժարանին երդումը, որ համեմատաբար նոր աւանդութիւն մըն է. երդումին խօսքերը քաղուած են պարոն Մարգարին գրութիւններէն։

Արարողութենէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան Շարապխանեաններուն բնակարանը, ուր պարոն Մարգարին այրին՝ տիկին Էլիզը, սիրով ընդունեց խումբը։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, աշակերտները վայելեցին հայկական ճոխ հիւրասիրութիւնը։ Սեղանին շուրջ, Սարգիսեան երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ տիկին Էլիզին տարիներու հիւրասիրութեան եւ պարոն Մարգարին թողած անջնջելի դաստիարակութեան։

Սարգիսեան նշեց, որ 2008 թուականէն ի վեր տիկին Էլիզը ջերմօրէն կը հիւրընկալէ Թորոնթոյի աշակերտութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Պր. Մարգարին շունչը կը շարունակէ ապրիլ իր պատրաստած սերունդին միջոցով, որոնք այսօր ղեկավար դիրքեր կը գրաւեն համայնքային կառոյցներու մէջ։

Դիմելով ներկայ սերունդին, տիկին Էլիզը փոխանցեց իր խորհուրդը. «Ես ամէն տարի աշակերտներուն մէկ բան կ'ըսեմ միայն։ Դուք ձեր ապագան ծրագրելու փուլին մէջ էք... երբ այդ որոշումները կը կայացնէք, նաեւ որպէս այլընտրանք նկատի ունեցէք, որ կարելի է նաեւ ապրիլ եւ ստեղծագործել Հայաստանի մէջ»։

Այցելութիւնը աւարտեցաւ յիշատակի խմբանկարով մը՝ Ուշիի պայծառ երկնքին տակ։ ՀՕՄ-ի վարժարանի 28 աշակերտները Ուշիէն հեռացան վերանորոգուած ոգիով, իրենց հետ տանելով հիմնադիր տնօրէնին երազանքն ու հայրենի հողին ուժը։