image

Մատուրօ. Կը փորձեն մասնատել Ռուսաստանը

Մատուրօ. Կը փորձեն մասնատել Ռուսաստանը

Արեւմտեան մի քանի երկիրներ մտադիր են մեծ պատերազմ սանձազերծել Ռուսաստանի դէմ` զայն մասնատելու եւ բազմաբեւեռ աշխարհի ձեւաւորումը կանխելու համար: Նման կարծիք յայտնած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն:

Արեւմուտքը կը համակարգէ տնտեսական, դիւանագիտական եւ քաղաքական ջանքերը Ռուսաստանի դէմ մեծ պատերազմի մէջ: Մենք այդ կ'ըսենք Վենեզուելայէն. անոնք պատերազմ կ'ուզեն` Ռուսաստանը մասնատելու, ոչնչացնելու եւ բազմաբեւեռ աշխարհի յոյսերուն վերջ տալու համար: Այսօր Արեւմուտքի մետիա բռնատիրութիւնը աւելի քան երբեւէ տեսանելի է...` արդարացնելու մագլցումը, որ կրնայ յանգեցնել աւերիչ երրորդ համաշխարհային պատերազմի», ըսած է պետութեան ղեկավարը: