image
Հրատապ լուրեր:

Քալիֆորնիոյ մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է․ հրշէջները կը փորձեն զսպել թունաւոր նիւթերու արտահոսքը

Քալիֆորնիոյ մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է․ հրշէջները կը փորձեն զսպել թունաւոր նիւթերու արտահոսքը

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւին Նիւսոմ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է, մինչ մասնագէտները քայլեր կը ձեռնարկեն՝ զսպելու թունաւոր քիմիական նիւթի արտահոսքը Օրենճ շրջանի արտադրական հաստատութենէն։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ն։

Պաշտօնեաները զգուշացուցած են, որ մօտ 7000 կալոն (26 500 լիթր) մեթիլ մետաքրիլաթ պարունակող պահեստարանը, որ խիստ ցնդող եւ դիւրավառ նիւթ է՝ օգտագործուող փլասթիք արտադրելու համար, պայթելու վտանգի տակ է։

Կարտըն Կրովի հազարաւոր բնակիչներ անվտանգութեան նկատառումներով տարհանման հրաման ստացած են։

Պաշտօնեաները մայիս 24-ին յայտարարած են, որ «պահեստարանին մէջ յայտնաբերուած է հնարաւոր ճեղք, որ կրնայ որոշ չափով մեղմացնել ներսի ճնշումը»։

Օրենճ շրջանի հրշէջ ծառայութեան ժամանակաւոր ղեկավար Թի Ճէյ ՄաքԿովըրն ըսած է, որ մասնագէտները կը վերլուծեն տուեալները, եւ ինք կը սպասէ, որ «այսօր աւելի շատ տեղեկութիւններ հրապարակուին»։

Միջադէպը սկսած է մայիս 21-ին Կարտըն Կրովի մէջ գտնուող ընկերութեան կառոյցին մէջ, երբ քիմիական նիւթը սկսած է գերտաքնալ։ Ընկերութիւնը կը զբաղի, ի թիւս այլի, օդանաւերու դիմապակիներու եւ մասնագիտացուած օդատիեզերական փլասթիք նիւթերու արտադրութեամբ։

Հրշէջ ծառայութեան պաշտօնեաները յայտնած են, որ հակազդեցութիւնը չէզոքացնելու ջանքերը ձախողած են՝ պահեստարանի փականներուն վնասուած ըլլալուն պատճառով։

Վնասուած պահեստարանին ջերմաստիճանը մայիս 23-ին բարձրացած է մինչեւ 32°C (90°F), եւ մասնագէտները արձանագրած են, որ այն ժամական մօտ մէկ աստիճանով կը տաքնայ։

Օդատիեզերական կեդրոնը կը գտնուի Տիսնիլէնտէն մօտ 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, իսկ Լոս Անճելըսէն՝ մօտ 55 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք։