Իսրայէլի նախագահ Իսահաք Հերցոկը յայտարարած է, որ երկիրը պիտի ներկայացնէ այս տարի Պաքուի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի COP29 կլիմայական համաժողովին, գրած է The Times of Israel-ը։
Հերցոկն ընդգծած է, որ կլիմայի փոփոխութեան հարցը շատ կարեւոր է։
Բացի այդ, Իսրայէլի նախագահն ըսած է, որ անհրաժեշտ է տարածաշրջանային համագործակցութիւն կառուցել ժամանակաշրջանի մը, երբ «չարիքի առանցքը (նկատի ունի Իրանը եւ անոր աջակցող ուժերը-Խմբ.) կը փորձէ Իսրայէլը արգելափակել բոլոր կողմերէն»։