image

Պաքու կրնայ Երեւանին «ստիպել» խաղաղութեան պայմանագիր կնքել. Ատրպէյճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար

Պաքու կրնայ Երեւանին «ստիպել» խաղաղութեան պայմանագիր կնքել. Ատրպէյճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար

Ատրպէյճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպով ըսած է, որ շարք մը արտաքին ուժեր կը փորձեն «օգտագործել» Հայաստանը՝ տարածաշրջանին մէջ սպառնալիքներ ստեղծելու համար։

«Ատրպէյճան որպէս յաղթանակած երկիր եւ տարածաշրջանի ռազմական ուժի կեդրոն, կրնայ Հայաստանի «ստիպել» խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ», - ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան:

Ուսուպովի խօսքով՝ Ատրպէյճան ի վիճակի է կասեցնել որեւէ ճնշում, ներառեալ՝ «վրէժխնդրական գործողութիւնները» (գրաւուած տարածքները վերադարձնելու ջանքերը):

«Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութիւնը հնարաւոր է, եթէ Հայաստան հրաժարի արտաքին ազդեցութենէն եւ իր ժողովուրդին շահերէն բխող որոշումներ կայացնէ», - ըսած է ան։