image

Մանուէլ Քէշիշեան Պիտի Ունենայ Իր Ամենշաբաթեայ Սիւնակը

Մանուէլ  Քէշիշեան   Պիտի Ունենայ Իր Ամենշաբաթեայ Սիւնակը

«Արեւելք»ի  խմբագրութեան  փափաքին ընդառաջելով Հալէպահայ բեմադրիչ,   կրթական մշակ,  թատերագիր  եւ մտաւորական Մանուէլ Քէշիշեան  յետ այսու պիտի ունենայ իր ամենշաբաթեայ  սիւնակը «Արեւելք»ի էջերէն: Այս առաջադրանքը   գործի մղուեցաւ, որովհետեւ  հաւատացինք, որ   անհրաժեշտ էր լսել     Հալէպահայութեան  ձայնը:   Մեզի համար պատերազմական օրագրութիւն ապրող  Հալէպի մասին գրելը ամէնօրեայ    մտահոգութիւն էր,  սակայն  աւելի ճշմարտացի  պիտի ըլլար լսել     Հալէպի  մէջ     իր կեանքը շարունակող մշակին  ձայնը: Մեր հեղինակին վկայութիւնները աւելի քան  վաւերական են, որովհետեւ   քաղուած են  առօրեայ կեանքէն:   Նպատակը մէկ է    իրապաշտ հայացքով ներկայացնել Հալէպը    քաղաքը   եւ այդ  պարունակէն   տեսնել      կեանքի պայքարին ջահը վառ պահել փորձող մեր հայրենակիցներուն   ծանր բայց յոյսով  լեցուն  ամէնօրեայ մաքառումները:

Բարի ընթերցում:

 

«Խմբագիր»