image
Հրատապ լուրեր:

Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւններու 5-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ մայիս 23-ին Հռոմի մէջ

Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւններու 5-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ մայիս 23-ին Հռոմի մէջ

Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ Իսլամական Հանրապետութեան միջուկային ծրագրի շուրջ տարաձայնութիւնները հարթելու նպատակով բանակցութիւններու 5-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ մայիս 23-ին Հռոմի մէջ:

Այս մասին յայտնած է Իրանի ԱԳՆ Telegram ալիքը՝ վկայակոչելով գերատեսչութեան ղեկավար Էսմայիլ Պաղաին։

Պաղաին աւելցուցած է, որ Թեհրանը «վճռական է պաշտպանելու Իրանի ժողովուրդի իրաւունքներն ու շահերը միջուկային ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման հարցով»։

Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ միջուկային հիմնախնդրի եւ ամերիկեան պատժամիջոցներու վերացման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին ապրիլէն։ Ուաշինկթընը մտավախութիւն ունի, որ Թեհրանը կրնայ միջուկային զէնք ստեղծել սեփական ծրագրի շրջածիրէն ներս:

Միաժամանակ Իրանը պնդած է, որ այդ ծրագիրը կ՚օգտագործուի խաղաղ ճանապարհով։