Սլովաքիոյ մէջ ընթացող ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ, 77 քկ. քաշային Մալխաս Ամոյեան չորրորդ անգամ ըլլալով արժանացած է ախոյեանի կոչումին՝ եզրափակիչին 3։1 հաշիւով վստահ առաւելութեան հասնելով վրացի Ռամազ Զոիձէի նկատմամբ։
Փարիզի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակիչէն, ուր ժամանակէն շուտ 9:0 հաշիւով առաւելութեան հասած էր աշխարհի եւ Եւրոպայի փոխ ախոյեան՝ լեհ Մատէուշ Պենրաթեքի նկատմամբ:
Քառորդ եզրափակիչին, Ամոյեան 7:2 հաշիւով յաղթած էր մոլտովացի Ալեքսանդր Սոլովէյին, իսկ կիսաեզրափակիչին 5։1 հաշիւով ուժեղ գտնուած էր Պուլկարիան ներկայացնող Հայկ Մնացականեանէն: