Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Քան քաղաքին մէջ Օգոստոս 26-ի ուշ երեկոյեան տղամարդը ինքնաշարժով մխրճուած է մարդոց բազմութեան մէջ, որու հետեւանքով երկու անձ զոհուած է, իսկ 10-ը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին կը հաղորդէ France 24-ը։
Ըստ դատախազի տեղակալին՝ պատահած միջադէպը ամենայն հաւանականութեամբ ահաբեկչական դրդապատճառ չունի։
«Այս պահուն մենք գործ չունինք ահաբեկչական դրդապատճառի հետ, սակայն հետաքննութիւնը նոր կը սկսի»,– ըսած է ան։
Տեղական պաշտօնեայ Տէյվիտ Քլաւիէի համաձայն՝ միջադէպի հետեւանքով եօթը մարդ ծանր վիճակի մէջ է, իսկ երեքը՝ թեթեւ վնասուածքներ ստացած են։
Ոստիկանութեան աղբիւրը յայտնած է, որ վրաերթը ենթադրաբար տեղի ունեցած է կռիւէ ետք։ Քլաւիէ նշած է, որ ինքնաշարժը «դիտաւորեալ կերպով մխրճուած է կայարանին դիմացի փողոցին մէջ գտնուող հետիոտներուն մէջ»։
Քլաւիէի համաձայն՝ կասկածեալը Ռուսիա ծնած 26-ամեայ տղամարդ է, որ հետախուզական ծառայութիւններուն յայտնի չէր, իսկ ոստիկանութեան ծանօթ էր միայն երթեւեկութեան կանոններու խախտումներու պատճառով։
Ոստիկանութեան աղբիւրը յայտնած է, որ կասկածեալը փախած է դէպքի վայրէն, սակայն աւելի ուշ ձերբակալուած է Ուիսթրէամի մէջ, որ Քանէն շուրջ 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։
Հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ զոհերն ու տուժածները 17-40 տարեկան տղամարդիկ են։