Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութիւնը անդրադարձած է շրջանառուող այն պնդումներուն, թէ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու վաղեմութեան ժամկէտները անցած են։
«Արմէնփրէս»-ի հարցման ի պատասխան՝ Դատախազութենէն տեղեկացուցած են, որ Ռոպերթ Քոչարեանը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու վաղեմութեան ժամկէտները անցած չեն։
Դատախազութիւնը 2026 թուականի Օգոստոս 25-ին տեղեկացուցած էր, որ դատախազը 2026 թուականի Օգոստոս 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է՝ պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու (3 դրուագ), առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու (2 դրուագ) եւ առանձնապէս խոշոր չափերով դրամներու լուացում կատարելու (4 դրուագ) համար։
Յիշեցնենք, որ դատարանը Օգոստոս 27-ին բաւարարած է Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը։