image

Քիեւեան կամուրջի վրայ հրդեհ բռնկած է թիւ 52 երթուղին սպասարկող հանրակառքին մէջ

Քիեւեան կամուրջի վրայ հրդեհ բռնկած է թիւ 52 երթուղին սպասարկող հանրակառքին մէջ

Երեւանի Քիեւեան կամուրջի վրայ հրդեհ բռնկած է թիւ 52 երթուղին սպասարկող հանրակառքին մէջ։ Այս մասին յայտնած է «Sputnik Արմենիա»ն։

Ան նշած է, որ անմիջապէս օգնութեան հասած են այնտեղ ծառայութիւն իրականացնող ոստիկանները։ Ուղեւորներն ինքնուրոյն դուրս եկած են հանրակառքէն։

Հրդեհի պատճառը դեռ յայտնի չէ։ Նախնական տուեալներով` տուժածներ չկան։