Արժանթինի նախկին նախագահ Քարլոս Մընհէմ մահացած է 91 տարեկան հասակին: Հանգուցեալի ծնողները Արժանթին գաղթած էին Սուրիայէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:
Դեկտեմբերին Մընհէմ հիւանդանոց տեղափոխուած էր վարակի պատճառով եւ այդ օրուընէ գտնուած է բժիշկներու հսկողութեան ներքոյ, սակայն կարելի չէ եղած փրկել անոր կեանքը: