image
Հրատապ լուրեր:

Փոխնախագահ Վենս Հայաստան ժամանեց. Յայտնի են երկկողմ բանակցութիւններու արդիւնքները

Փոխնախագահ Վենս Հայաստան ժամանեց. Յայտնի են երկկողմ բանակցութիւններու արդիւնքները

Միացեալ Նահանգները կը նախատեսէ Հայաստանին փոխանցել հետախուզական ԱԹՍ-ներ։ Այդ մասին փետրուար 9-ին Երեւանի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։

«Նախագահ Թրամփը շատ լաւ գիտէ, որ խաղաղութիւնն ապահովելու լաւագոյն ձեւը ռազմական լաւագոյն արհեստագիտութիւններու տարածումն ու տեղադրումն է։  Եւ առաջին անգամ մենք կը յայտարարենք ռազմական արհեստագիտութիւններու խոշոր վաճառքի մասին․ 11 միլիոն տոլարի հետախուզական անօդաչու թռչող սարքերու արհեստագիտութիւն՝ հայերուն եւ մեր լաւ բարեկամ վարչապետին: Մենք համոզուած ենք, որ այն խաղաղութիւնը, որ պէտք է կերտուի, պիտի մնայ կայուն։ Սա կը նշանակէ նաեւ լրացուցիչ աշխատատեղերու բացում եւ ներդրումներ»,- յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը։

Ան նաեւ անդրադարձած է խաղաղութեան գործընթացին․ «Խաղաղութիւնը չի կերտուիր զգոյշ մարդոց կողմէ, խաղաղութիւնը չի կերտուիր անցեալի մէջ, խաղաղութիւնը կը կերտուի ապագային մէջ։ Մենք Հայաստանի համար կը կերտենք ոչ միայն խաղաղութիւն, այլ նաեւ բարգաւաճում՝ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին։ Այդ հնարաւոր պիտի չըլլար առանց Ձեր երկրի ղեկավարի առաջնորդութեան։ Ես իրօք հաւատացած եմ, որ այսօր նոր սկիզբ է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու գործակցութեան եւ գործընկերութեան համար»,- ընդգծած է Ճէյ Տի Վենսը։

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը խօսած է նաեւ ԹՐԻՓՓ (TRIPP) ծրագրի մասին՝ ընդգծելով, որ այն տնտեսական նոր հեռանկարներ պիտի բանայ Հայաստանի համար։

«Այն տարածաշրջան պիտի բերէ արմատական վերափոխում։ Նոր աշխարհ մը պիտի բացուի միջազգային առեւտուրի, տրանզիտի եւ ուժանիւթի հոսքի համար, որ աննախադէպ կապ պիտի ապահովէ Հայաստանի եւ հարեւան երկիրներու միջեւ։ Սա հոյակապ է ոչ միայն հայ ժողովուրդի բարգաւաճման համար, այլեւ նպաստաւոր է խաղաղութեան գործընթացին։ Երբ դուն կը կապես ուժանիւթի ոլորտը, տնտեսութիւնը եւ այլն, կը նպաստես խաղաղութեան։ Մենք կ՚ուզենք ոչ թէ պարզապէս խաղաղութիւն հաստատել, այլ որ այդ կերտուած խաղաղութիւնը գոյատեւէ»,- շեշտած է Ճէյ Տի Վենսը։

Ան նաեւ խօսած է NVIDIA ընկերութեան ներդրումներէն․ «Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շարք մը արտօնագրեր հաստատած է NVIDIA ընկերութեան համար։ Ի՞նչ կը նշանակէ սա. նոր շուկաներ, նոր աշխատանք։ Ասոնք չիփեր են, որ աշխարհի երկիրներու մեծ մասին մէջ գոյութիւն չունին եւ չեն ալ կրնար ըլլալ։ Հիմա ատոնք արդէն կը կառուցուին այստեղ՝ Հայաստանի մէջ»,- ընդգծած է Ճէյ Տի Վենսը։

Համատեղ ասուլիսէն առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը ստորագրեցին «Միջուկային ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով օգտագործման ոլորտի մէջ ՀՀ կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագրի բանակցութիւններու աւարտի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւնը»։

«Մեր պետութիւններն աւարտած են քաղաքացիական միջուկային ուժանիւթի ոլորտի բանակցութիւնները։ Երբ սա արդէն հունի մէջ մտնէ, ճանապարհ պիտի բանայ ամերիկեան եւ հայկական ընկերութիւններու համար։ Ապագայ ծրագիրներու շրջածիրէն ներս կը խօսինք սկզբնական հինգ միլիառ տոլար ներդրումներու մասին, իսկ հետագային՝ երկրորդ փուլին, եւս չորս միլիառի։ Սա երկուստեք փոխշահաւէտ իրավիճակ է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ իմ երկրի համար՝ ուժանիւթային անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսանկիւնէ, ինչպէս նաեւ պիտի ստեղծէ շատ աշխատատեղեր։ Սա կը նշանակէ նաեւ փոքր մոտուլային ռեակտորներ (վերահսկուած ուժ արտադրող մեքենայ), այսինքն՝ ամերիկեան արհեստագիտութիւնները պիտի գան այս երկիր։ Կը կրկնեմ՝ սա այն դէպքն է, երբ մեր երկիրը շատ քիչ պարագաներու իրեն այնքան վստահ կը զգայ, որ յստակ արհեստագիտութիւններ արտահանէ»,- շեշտած է Վենսը։

 

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ կարեւորած է Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ ընթացող երկխօսութիւնը՝ ԹՐԻՓՓ-ի պարունակին մէջ, այդ շարքին՝ Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի բացումը։ Ան ընգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններու միջեւ խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթի ոլորտի մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագրի բանակցութիւններու աւարտի մասին համատեղ յայտարարութեան բնագրի ստորագրումը։

«Այդ համաձայնագիրը նոր էջ կը բացի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգների միջեւ խորացող էներգետիկ գործընկերութեան ասպարէզում եւ կը նպաստի Հայաստանի էներգետիկ ռեսուրսների բազմազանեցմանը՝ անվտանգ ու նորարարական տեխնոլոգիաների ներգրաւմամբ։ Իմ երախտագիտութիւնն եմ յայտնել նաեւ միջուկային անվտանգութեան ոլորտում Միացեալ Նահանգների կողմից Հայաստանին ցուցաբերուող երկարամեայ աջակցութեան համար եւ պատրաստակամութիւն եմ յայտնել էլ աւելի զարգացնելու համագործակցութիւնը երկու երկրների համար կարեւորագոյն ուղղութիւններով։ Յուսով եմ, որ բարձր տեխնոլոգիական ոլորտում Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգների միջեւ ձեւաւորուած սերտ եւ թափանցիկ համագործակցութիւնը թոյլ կը տայ էլ աւելի զարգացնել եւ ամրապնդել երկու երկրների ընկերութիւնների միջեւ երկուստեք շահաւէտ փոխգործակցութիւնը»,-ըսած է վարչապետը։

Ըստ Փաշինեանի՝ կողմերը նշանակալի առաջընթաց արձանագրած են նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմական եւ պաշտպանական գործընկերութեան ասպարէզի մէջ, որ բազմամեայ անվտանգային համագործակցութեան եւ արդէն երեք տարի անընդմէջ շարունակուող «Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութիւններու շարունակութիւնն է. Հայաստանը Միացեալ Նահանգներէն ձեռք բերած է ԱԹՍ-ներ։