image

Մտքեր Փոխ Նախագահ Վանսի այցելութեան մասին. Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի գրառումը

Մտքեր Փոխ Նախագահ Վանսի այցելութեան մասին. Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի գրառումը

ԱՄՆ փոխ նախագահի այցը կրնայ որոշ մեկնակէտով մը եւ նպատակով մը սկիզբ առնել՝ սակայն տարբեր եւ չըսպասուած հետեւանքներ ունենալ։ Մեր բոլորին ազգային նախանձնախնդրութիւնը պէտք է ըլլայ այս այցի ընձեռնած իւրայատուկ կարելիութիւնները առաւելագոյնս պեղել, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն ծառայեցնելու համար։

Ամերիկահայ Ազգային-Քաղաքական գործիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

ԱՄՆ փոխ նախագահի այցը կրնայ որոշ մեկնակէտով մը եւ նպատակով մը սկիզբ առնել՝ սակայն տարբեր եւ չըսպասուած հետեւանքներ ունենալ։ Մեր բոլորին ազգային նախանձնախնդրութիւնը պէտք է ըլլայ այս այցի ընձեռնած իւրայատուկ կարելիութիւնները առաւելագոյնս պեղել, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն ծառայեցնելու համար։

Վերջին մի քանի շաբաթներուն, Հայաստանի վերլուծաբաններու, լրատուամիջոցներու, եւ քաղաքական շրջանակներու կողմէ ամենէն քննարկուած նիւթը ԱՄՆ փոխ-նախագահ Վանսի այցն է դէպի Հարաւային Կովկաս։

Բնական երեւոյթ է որ յատկապէս քաղաքական ուղղուածութիւն եւ նախընտրութիւններ ունեցող մարդիկ եւ հաստատութիւններ, իրենց սեփական պրիսմակէն կը դիտեն վերոյիշեալ այցը որպէս եղելութիւն։ Այսպէս, ՀՀ իշխանութեան մօտ կանգնածները զայն կը ներկայացնեն որպէս առանցքային իրադարձութիւն եւ մեծ կարելիութիւններու դուռ բացող պատեհութիւն, մինչ ընդդիմադիր դիրքերէ խօսողները փոխ-նախագահի այցը կը նկատեն որպէս աննշան եւ ընթացիկ արժէք ներկայացնող այց, կամ մինչեւ իսկ ռազմա-քաղաքականօրէն վտանգաւոր տեղեր առաջնորդող «հաւանականութիւն»։

Ես ընդհանրապէս կ՚ապշիմ այն տգիտութեան ուղղութեամբ որ վերոյիշեալ վերլուծութիւնները ներկայացնողներէն ոմանք առաջ կը քաշեն։ Խօսքս ընդհանրապէս պետութեանց վարած արտաքին ռազմավարութեան գծով տգիտութեան մասին է, բայց 

յատկապէս նաեւ ԱՄՆ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անոր ռազմաքաղաքական շահերու պատմութեան ուղղութեամբ գոյութիւն ունեցող գիտելիքներու պակասի մասին է։

Եւ այսպէս, երէք սկզբունքային կէտեր կ՚ուզեմ նշել որոնք անպայման պէտք է նկատի ունենալ երբ կը քննարկենք փոխ-նախագահի սպասուած այցելութիւնները Երեւան եւ Պաքու։

1. Հակառակ անոր որ մեր մտասեւեռումը ՀՀ եւ հայկական շահերու վրայ կրնայ ըլլալ, ԱՄՆ վարած քաղաքականութիւնը հայկական շահերուն վրայ - հազար ներողութիւն - թքած ունի: Եւ այստեղ ոչինչ կայ զգայացունց, ոչինչ կայ նոյնիսկ որ պէտք է դժգոհութիւն յառաջացնէ։ Պետութիւնները կ՚առաջնորդուին իրենց սեփական շահերով, իսկ գերպետութիւնները աւելի եւս։ Կրնայ ըլլլալ որ Թրամփի օրոք այդ ռազմաքաղաքական շահերը աւելի ցայտուն եւ նոյնիսկ կոշտ կերպով դրսեւորուին, բայց ԱՄՆի մնայուն շահերը նաեւ համակարգային բնոյթ ունին։ Հետեւաբար, ԱՄՆ փոխ-նախագահը, կամ իր ետին կանգնած վարչակարգը ոչ մէկ նպատակ ունին ՀՀ շահերը հետապնդելու կամ զանոնք իրականացնելու մէջ։ Այս վերջինը հայկական օրակարգ է, փնտռել գտնելու կարելիութիւններ տեղաւորուելու այս կամ այլ պետութեան, աւելի եւս գերպետութեան շահերուն մէջ ու առընթեր։ Ինչքանով որ Հայաստանին յաջողուի օգտուիլ այլ պետութիւններու սեփական շահերէն, այդքանով կը հզօրանայ ինքը Հայաստան։ Այս մէկը գիւտ չէ, այլ ինչպէս կ՚ըսեն՝ political science 101:

2. Մինչ յատկապէս հայ ընդդիմադիր շրջանակներ ԱՄՆ-ՀՀ կապերը կ՚ուզեն տեսնել Ատրպէյճանի հետ ԱՄՆի յարաբերութիւններու համաթեքստին մէջ, ամերիկեան շահերը, ԱՄՆ դիտանկիւնէն, կապերու յարաբերակցութեան մէջ չէ որ կը դիտուին։ Այո, ՀՀ-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները վստահաբար ԱՄՆին կու տան մանեւրելու կամ դիրքաւորուելու որոշ կարելիութիւններ, սակայն ԱՄՆը իր շահերը կը դիտարկէ ԱՄՆ-ՀՀ եւ ԱՄՆ-Ատրպէյճան ձեւաչափով՝ առաւելաբար ԵՒ նախընտրաբար իրարմէ անկախ։ Աւելին, Միացեալ Նահանգներու նկատառումներուն մէջ աւելի կարեւոր կրնայ ըլլալ ՀՀ-Ռուսաստան կամ ՀՀ-Իրան կապերը, քան թէ ՀՀ-Ատրպէյճան կապերը։ Ինչպէս որ մենք ականատես դարձանք թէ ինչպէ ՞ս Ռուսաստանը 2016-էն սկսեալ, իր սեփական շահերը մատակարարելու համար ակնթարթ մ՚իսկ չյապաղեցաւ Ատրպէյճանի հետ իր կապերը խորացնելու ի հեճուկս հայկական շահերու, այդպէս ալ ԱՄՆը իր յարաբերութիւնները կը վարէ իր երկկողմ շահերէն բխելով։ Անգամ մը եւս, ՀՀ դիւանագիտութեան մարտահրաւէրն է ճշտել տուեալ պետութեան մը շահերը, եւ փորձել տեղաւորուիլ անոնց մէջ, միշտ ու միշտ այնտեղէն «տիվիտենտ»ներ պոկելու նպատակով։

3. Ուղղակի երեխայական կ՚ըլլայ ենթադրել որ որեւէ պետութեան մը ներքին քաղաքական իրականութիւնները իրենց հետեւանքը չեն ունենար իր վարած արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Ինչպէս որ Թրամփը իր արտաքին քաղաքական քայլերը կը ներկայացնէ որպէս յաղթանակներու շղթայ,պէտք է ակնկալել որ նոյնը կատարուի ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ, կամ նոյնիսկ նոյնինքն Իլհամ Ալիեւի կողմէ որ թէեւ ընտրական մտահոգութիւններ չունի, բայց նոյնիսկ իր բռնատիրական դիրքերէն նուազ շահաքրքրուած չէ ներքին ճակատով։ Սակայն, պիտի ակնկալուի որ ինքզինք վերլուծաբան հռչակողը - աւելի եւս լրագրողը - յաջողի աւելի առարկայական կերպով մօտենալ իր նիւթին, կարողանալ լիարժէք կերպով ներկայացնելու քննարկուած հարցի տարբեր երեսները։

 

Ինչպէս որեւէ ակնկալուող քաղաքական իրադարձութիւն, Ճէյ. Տի. Վանսի այցը Հայաստան եւ Ատրպէյճան կարելի պիտի ըլլայ առարկայականօրէն եւ լիարժէք վերլուծել միայն այցելութիւններու աւարտէն ետք։ Մինչ այդ, ըսուածներն ու գրուածները գուշակութիւններու սահմանը դժուար թէ հատեն։ Որ այցը ինքնին ունի մեծ խորհրդանշական արժէք, հոն կասկած չկայ։ Այս այցի համար նոյնինքն փոխ-նախագահը ընտրելը (ի տարբերութիւն Արտգործ Նախարար Րուպիօյին) խորհրդանշականօրէն շատ բան պէտք է ըսէ նաեւ Թրամփի վարած ներ-քաղաքական նախընտրութիւններուն մասին, 2026-ի եւ 2028-ի ամերիկեան ընտրութիւններուն մասին։ Սակայն, խորհրդանշական արժէք ներկայացնող պատկերներէն անդին, մի քանի օրէն յստակ կը դառնայ թէ իւրաքանչիւր շահաքրքրուած կողմ - իսկ այս պարագային անոնք 6ն են՝ ՀՀ, Ատրպէյճան, ԱՄՆ, Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Իրան - ի ՞նչպիսի ձերքբերումներ կամ կորուստներ կ՚արձանագրեն այս բոլորէն։

Վերջապէս, պէտք է արձանագրենք թէ քաղաքականութեան մէջ ծրագրուածն ու իրականացուածը միշտ չէ որ իրար կը համապատասխանեն՝ գէթ հարիւր տոկոսով։ ԱՄՆ փոխ նախագահի այցը կրնայ որոշ մեկնակէտով մը եւ նպատակով մը սկիզբ առնել՝ սակայն տարբեր եւ չըսպասուած հետեւանքներ ունենալ։ Մեր բոլորին ազգային նախանձնախնդրութիւնը պէտք է ըլլայ այս այցի ընձեռնած իւրայատուկ կարելիութիւնները առաւելագոյնս պեղել, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն ծառայեցնելու համար։