image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Մասնակցութիւն քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան նուիրուած արարողութեան

Հալէպ. Մասնակցութիւն քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան նուիրուած արարողութեան

Հալէպի Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան նուիրուած արարողութիւն, որուն քրիստոնեայ համայնքապետներուն կողքին իր մասնակցութիւնը բերած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Հովանաւորութեամբ Հալէպի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Համայնքապետներու Խորհուրդին, Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան նուիրուած արարողութիւն, որուն քրիստոնեայ համայնքապետներուն կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, հիւրընկալութեամբ՝ Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Իպրահիմ Նսէրին։ 

Սրբազան Հօր կ'ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։

Կազմակերպող յանձնախումբին թեմին կողմէ մաս կը կազմէր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։

Օրուան բնաբանն էր՝ Եփեսացիներուն նամակի 4-րդ գլխուն 4-րդ համարը. «Մէկ է Մարմինը եւ մէկ՝ Սուրբ Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը՝ որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած» (Եփ 4.4)։

Համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ հոգեպարար աղօթքներ արտասանուեցան եւ շարականներ երգուեցան։

Արարողակարգը իր աւարտին հասաւ համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով: