ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ դէմ է Իսրայէլի այն գործողութիւններուն, որոնք ուղղուած են Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին նկատմամբ վերահսկողութեան ընդլայնման։
«Ես դէմ եմ բռնակցման»,– ըսած է Թրամփ Axios-ին տուած հարցազրոյցին մէջ՝ աւելցնելով, որ «Յորդանանի Արեւմտեան ափէն զատ այժմ քննարկելու բաւական շատ թեմաներ կան»։
Աւելի վաղ կայքը, յղում ընելով ԱՄՆ պաշտօնատարներուն, հաղորդած էր, որ Ուաշինկթընի մէջ մտահոգ են Արեւմտեան ափին նկատմամբ, ներառեալ՝ Պաղեստինի վարչակազմի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, վերահսկողութիւնը զգալիօրէն ընդլայնելու Իսրայէլի անվտանգութեան նախարարական խորհուրդի որոշմամբ։
«Կայուն Արեւմտեան ափը կ՚ապահովէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը եւ կը համապատասխանէ շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու ներկայ վարչակազմի նպատակին»,– ըսած է Սպիտակ տան ներկայացուցիչը։