image

Լոյս տեսած է Լիբանանահայ Քրիսթին Դանիէլեանի «Մայրիները շշնջացին» գիրքը

 Լոյս տեսած է Լիբանանահայ Քրիսթին Դանիէլեանի «Մայրիները շշնջացին» գիրքը

Երկու տասնամեակէ ի վեր ընկերային ծառայողի գործով, ինչպէս նաեւ կանանց եւ երեխաներուն իրաւունքի խնդիրներով զբաղելով լիբանանահայ Քրիսթին Դանիէլեան կը հրատարակէ իր առաջին, անգլերէն գիրքը “The Cedars Whispered” «Մայրիները շշնջացին» խորագրով:

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ հեղինակի դիմատետրի էջին կատարած իր գրառումէն:

 

«Ուրախ եմ ձեզի հետ կիսելու առաջին նորա    sվէպիս հրապարակման լուրը, որու խորագիրն է. «Մայրիները շշնջացին» “The Cedars Whispered”, որ ներկայիս կրնաք գտնել Amazon-ի վրայ: 

 

Աւելի քան քսան տարի համայնքին մէջ ներգրաւուած ըլլալով, որպէս ընկերային ծառայող, խոր հասկացողութիւն ձեռք բերած եմ մարդկային էութեան բարդութիւններուն եւ անհատներուն ու ընտանիքներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու մասին: 

Շուրջս տեսած տառապանքը, երբեմն՝ ճնշող եւ անհասկանալի, մղեցին զիս գրելու: Ուզեցի աշխարհին նայիլ միայն դժուարութիւններ տեսած անհատներուն աչքերով:

«Մայրիները շշնջացին»-ը կը պատմէ երիտասարդ Թէոտորայի յուզիչ պատմութիւնը, որուն անմեղութիւնը փշրուած է լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի դաժանութեամբ: 

Դիմանալով «թրոմա»ին, չարաշահման եւ անտեսման՝ կը դառնայ իր նախկին «ես»-ի ստուերը: Այնուամենայնիւ, ճկունութեան, հաստատակամութեան եւ յոյսի շողերու միջոցով, Թէոտորան ի վերջոյ կը վերականգնէ իր կեանքը՝ նոր ուժով եւ վստահութեամբ նայելով ապագային:

Այս պատմութիւնը նպատակ ունի յոյս ներշնչելու աշխարհի կիներուն՝ խրախուսելով զանոնք բարձրացնելու իրենց ձայնը եւ կոտրելու չարաշահման եւ բռնութեան օղակը։