image

Ձեռամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի դպիրներու ձեռնադրութիւն՝ Փրաւիտընսի մէջ

Ձեռամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի դպիրներու ձեռնադրութիւն՝ Փրաւիտընսի մէջ

Օրերս, Ռոտ Այլընտի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով տեղի ունեցած է դպիրներու ձեռնադրութիւն, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Կիրակի, Մարտ 2-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Վարդանանց (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) եկեղեցւոյ մէջ ։ Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց Արամ Աթթարեանը եւ Տարօն Դարբինեանը եւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, այս մատղաշ պատանիները, որոնք սիրայօժար կերպով ամէն Կիրակի կը մասնակցին Սուրբ Պատարագին, արժանի եղան եկեղեցական կարգ ստանալու։  Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենաղետ Լեւոն Աթթարեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, հակիրճ պատկերը տուաւ եկեղեցւոյ տարեկան գործունէութեան։ Հայկական տոհմիկ երգեր հրամցուցին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայի եւ «Մուրատ» ազգային վարժարանի աշակերտները, ինչպէս եւ «Աղ եւ լոյս» (Salt and Light) խմբակի անդամ-անդամուհիները։

Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր ստացան եկեղեցիէն ներս իրենց ծառայութեան համար տիկ. Նորին Մելիքեան-Լաֆազիա եւ Մարք Ա. Սրկ. Նորիկեան։ Այնուհետեւ, Ռոտ Այլընտ նահանգի ծերակուտական Տէյվիտ Թիքոյեան շնորհաւորեց համայնքի անդամները եւ եկեղեցւոյ աշխոյժ գործունէութիւնը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, լուսարձակի տակ բերաւ օրուան գնահատագիր ստացողները, որոնք օրինակելի եղած են իրենց ծառայութեամբ, եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ նոյն ոգիին ինք վկայ է առհասարակ բոլոր ծխականներու գործունէութեան մէջ։

Հուսկ, Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց օրինակելի համագործակցութիւնը եւ վեր առաւ գաղութի աւանդապահ ոգին։ Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով եւ Պահպանիչով։