image

Լուսանկար՝ ՀՅԴ գործիչ՝ Արշաւիր Յովսէփեանի արխիւէն

Լուսանկար՝  ՀՅԴ գործիչ՝ Արշաւիր  Յովսէփեանի արխիւէն

  Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

Լիբանանի նախագահներու հետ ՀՅԴ ղեկավարութեան հանդիպումներու շարքէն դադար մը առնելով, հոս կը տեղադրեմ աւելի անպաշտօն նկար մը, որ 1973-1974-ին նկարուած պէտք է որ ըլլայ։

Առիթը յստակ չէ, ըստ երեւոյթին ընկերային բնոյթի հաւաք է, ու յատկանշական է տուեալ մարդոց մէկտեղուած ըլլալը՝ նկատի ունենալով որոշ նրբութիւններ։ Ձախէն աջ, ամենէ ձախին նստած՝ Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, իր քովը ոտքի կանգնած Տոքթ. Վարդգէս Կիւրեղեան, Ժիրայր Խաչատուրեան, Արշաւիր Յովսէփեան, Եդուարդ Էլոյեան, Հրայր Մարուխեան, Սարգիս Զէյթլեան, ապա ետեւէն նկարուած՝ Երուանդ Փամպուքեան եւ Լեւոն Պէրպէրեան։