Դատարանը երկու ամիսով կալանաւորած է ԱԺ նախկին պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեանը։
Անոր ձերբակալած էին երէկ։ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւորը կը կասկածուի իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր հնչեցնելու մէջ։
«ՀՀ քննչական կոմիտէի պետութեան, սահմանադրական կարգի հիմունքների եւ հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների քննութեան գլխաւոր վարչութիւնում իրականացուող քրէական վարոյթով փաստական տուեալներ են ձեռք բերուել այն մասին, որ Ռ.Յ.-ն 2025 թուականի յուլիս 1-ին զանգուածային լրատւութեան միջոցով՝ հարցազրոյց տալու ընթացքում հնչեցրել է իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած հրապարակային կոչ։
2025 թուականի յուլիս 18-ին քննիչի միջնորդութեան հիման վրայ մինչդատական քրէական վարեոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազի որոշմամբ Ռ.Հ.-ի նկատմամբ յարուցուել է հանրային քրէական հետապնդում՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով։ Նոյն օրը Ռ.Յ.-ն դատարան ներկայացուելու համար ձերբակալուել է»,- յայտնած էին ՔԿ-էն։