image

Լոս Անճելըս. Նուիրեալ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեանի կորուստը

Լոս Անճելըս. Նուիրեալ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեանի կորուստը

Օրերս Միացեալ Նահանգներու հայաշատ Լոս Անճելըս նահանգին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայ համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Տօքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեան։

Տխրունիին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ այդ մասին տրուած հակիրճ մահագրականը՝

Խոր ցաւով կը սգանք մահը Թեմիս Ազգային վարչութեան նախկին անդամներէն՝ Տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեանի, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին:

Տոքթ. Տէր Մկրտիչեան տասնամեակներ շարունակ ծառայած է Արեւմտեան մեր Թեմին՝ իբրեւ Ազգային վարչութեան դիւանի անդամ, եւ իբրեւ հոգաբարձու եւ Ազգային Երեսփոխան՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Անոր ծառայութիւնները տարածուած են Կլենտէյլի ծխական համայնքին եւ հայկական կեանքի զանազան դաշտերուն մէջ:

Այս տխուր առիթով, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու Հոգեւորականաց դասը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Վարսենիկին, զաւակներուն, թոռներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: