image
Հրատապ լուրեր:

Հանրայայտ իրաքահայ Յակոբ Ղարնաղարեանի յիշատակին

 Հանրայայտ իրաքահայ Յակոբ Ղարնաղարեանի  յիշատակին

«Արեւելք»ի ընթերցողներէն՝ Համբարձում Աղպաշեան կը գրէ ՝

Տարի մը առաջ  իր վաղաժամ մահով մեզմէ յաւէտ հեռացաւ Ղարնաղարեան ընտանիքէն մեծ սիւն մը , Իրաքի Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Բարեգործական Միութեան հարազատ անդամ, հաճնցի տոհմի զաւակ, մեծ վաճառական եւ բարերար հանգուցեալ Յակոբ Ղարնաղարեանը:

Անակնկալ մահ մը, որ մեծ վիշտ պատճառեց իր ընտանիքին, ընկերներուն, բարեկամներուն եւ բոլոր ծանօթներուն: Անսպասելի՝ շատ մեծ կորուստ մը:

Ան իւրայատուկ հայորդի մըն էր, որուն ամբողջ կեանքը եղած է անսահման նուիրում եւ ծառայութիւն՝ իր ընտանիքին, պատկանած միութեան, իր ընկերներուն եւ իր համայնքին. ան ունէր իր շրջապատը ծառայելու անսակարկ հաւատք եւ օրինակելի ծառայասիրութիւն:

Յակոբ Ղարնաղարեան ծնած էր հայրենասէր ընտանիքի մը մէջ: Մեծ հայրը՝ Մինաս, եւ հայրը՝ Յովհաննէս Ղարնաղարեաններ, եղած են Պաղտատի մէջ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան սիւներէն, աւելին՝ հայրը եղած է Իրաքի Հ.Բ.Ը. Միութեան անխոնջ պատասխանատուներէն մէկը եւ երկար տարիներ ծառայած է իբրեւ վարչական անդամ, ինչպէս նաեւ՝ Իրաքի Ազգային Վարչութեան անդամ. այսպիսի ընտանիքի մը մէջ հասակ առած եւ ընտանեկան ու ազգային կրթութիւն ստացած էր հանգուցեալը:

Յակոբ Ղարնաղարեան ծնած է Պաղտատ, 1966-ին,  եւ շրջանաւարտ եղած է Պաղտատի համալսարանէն. շատ կանուխէն զբաղած է վաճառականութեամբ, ապա զարգանալով այդ ասպարէզին մէջ՝ իր առեւտրական գործունէութիւնը տեղափոխած է Տուպայ եւ հոն հաստատուելով հիմնած է առեւտրական եւ ծովային փոխադրութեան հսկայ ընկերութիւն մը:

Յակոբ համեստ, հեզաբարոյ, գեղեցիկ ժպիտով սիրելի անձ մը դարձած էր բոլոր երիտասարդներուն եւ համայնքին համար, սակայն ո՛վ կարող է բողոքել ճակատագիրին դէմ:

Այսօր բոլորս կը զգանք անոր մահուան վիշտի ծանրութիւնը։ Իր մեկնումով, հայ համայնքը եւ ի մասնաւորի Իրաքահայ գաղութը կը կորսնցնէ իր հարազատ, մեծաշուք զաւակներէն մէկը. մեր գաղութը այսօր կը կորսնցնէ կաղնի մը եւս, որուն ձգած բացը երկար ժամանակ զգալի պիտի ըլլայ:

Թող անոր ապրած կեանքն ու վարած գործունէութիւնը օրինակ ըլլան մեր բոլոր երիտասարդներուն եւ գալիք սերունդներուն:

Յաւե՜րժ հանգիստ իր հոգւոյն, մխիթարութիւն իր ընտանիքի անդամներուն եւ բոլոր զինք սգացողներուն:

Թող այս տողերը մեր բոլորին կողմէ սիրոյ եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն ըլլան անոր արդար յիշատակին ու վաստակին:

 

     Մեր  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  Յակոբ Ղարնաղարեան  մահացած էր    2021 թուականի փետրուարին։