image

Լոս Անճելըսի մէջ. «Եու. Էս. Սի.» Համալսարանին յարկին տակ նշուած է «Հայոց Պատմութեան ամիսը» (Լուսանկարներ)

Լոս Անճելըսի մէջ. «Եու. Էս. Սի.» Համալսարանին յարկին տակ նշուած է «Հայոց Պատմութեան ամիսը» (Լուսանկարներ)

Օրերս Լոս Անճելըսի «Եու. Էս. Սի.» Համալսարանին յարկին տակ առաջին անգամ նշուած է «Հայոց Պատմութեան ամիսը»։ Համալսարանի կեդրոնական հատուածներէն մէկուն մէջ կայացաւ տօնական ձեռնարկ, որ նաեւ ազդարարեց ամսուայ ընթացքին շարք մը միջոցառումներու մեկնարկը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լոս Անճելըս հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որուն հրապարակած թղթակցութեան յապաւուած տարբերակը (արեւմտահայերէնի վերածելով) կը ներկայացնենք ստորեւ՝

«Եու.Էս.Սի.» համալսարանին մէջ Ապրիլի 4ը պատմական էր` կրթական այս հաստատութենէն ներս առաջին անգամ նշուեցաւ Հայոց Պատմութեան ամիսը:

Համալսարանի կեդրոնական հատուածներէն մէկուն մէջ կայացաւ տօնական ձեռնարկ, որ նաեւ ազդարարեց ամսուայ ընթացքին շարք մը միջոցառումներու մեկնարկը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի նախագահ դոկտոր Քերըլ Ֆոլթը: «Վերջին քանի մը տարիները հայերու համար շատ դժուար էին` աղէտալի իրադարձութիւններու շարքով, երբ Արցախի հայ բնակչութիւնը ստիպուած եղաւ լքել հայրենիքը, երբ աւերուեցաւ հայ մշակութային ժառանգութիւնը: Կը կարծեմ, այս իրադարձութիւններն առաւել կարեւոր կը դարձնեն այս միջոցառումը, եւ այսօր մենք՝ համալսարանի անձնակազմն ու ուսանողները հաւաքուած ենք, որպէս մէկ միասնական ընտանիք նշելու ամերիկահայերու ժառանգութիւնը»:

Քերըլ Ֆոլթն իր խօսքին մէջ ողջունեց համալսարանի հայ ուսանողները, անձնակազմը եւ գործող հայկական բաժանմունքներու գործունէութիւը` ընդգծելով Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկութեան եւ «Շօա» հիմնարկի կարեւոր առաքելութիւնն ու դերը ոչ միայն համահայկական տիրոյթին մէջ, նաեւ` կրթօջախի համար: Ան խօսեցաւ համալսարանի մէջ հայազգի ներկայացուցիչներու ներդրումներու մասին` նշելով ճարտարագիտութեան կաճառի նախկին ուսուցչապետ դոկտոր Զոհրապ Գաբրիէլեանը, որուն անունով նաեւ անուանակոչուած է «Գաբրիէլեան» սրահը:

Միջոցառման բանախօսն էր «Եու.Էս.Սի.» համալսարանի «Տորնսիֆ» Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկութեան տնօրէն դոկտոր Շուշան Կարապետեանը: Ան համառօտ ներկայացուց հայոց պատմութեան փառահեղ էջերն ու հազարամեակներու ընթացքին Հայկական Սփիւռքի ներդրումը: «Հայոց պատմութեան մասին իմ ուսանողներուն պատմելու ժամանակ միշտ կ՚ընդգծեմ, որ ուր ալ հայերը յայտնուած են` կառուցած են դպրոցներ, եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ եւ աջակցած են կրթութեանն ու մշակութային գործունէութեան: Ամերիկահայերն ալ մշտապէս ձգտած են պահպանել իրենց ազգային ժառանգութիւնը` հայրենիքն ու արժէքները, եւ միաժամանակ ամերիկեան հասարակութեան անբաժանելի մաս կազմած են իրենց մեծ աւանդով»: Կարապետեանը ներկայացուցած է «Եու.Էս.Սի.» համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկութեան հիմնադրման պատմութիւնը, որ շուրջ քսան տարի առաջ ստեղծուած է Չարլի Գալեանի տեսլականով ու նախաձեռնութեամբ եւ Սալբի Թուֆէնքեանի եւ Լոս Անճելըսի խումբ մը հայ մտաւորականներու յանձնառութեամբ, որ պիտի ըլլայ «ակադեմիական միաւոր, որ համալսարանի միջոցներու եւ մտաւոր ուժի կիրառմամբ պիտի իմաստաւորէ հայկական պատմութեան ժամանակակից զարգացումներն ու պիտի նպաստէ հայկական ապագայի ձեւաւորման»:

Ուրախութեամբ պէտք է նշել, որ «Եու.Էս.Սի.» համալսարանին մէջ կայացած տօնական ձեռնարկը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցած էր այս կրթօջախի նաեւ օտարազգի ուսանողներու եւ անձնակազմի մօտ, որոնք սիրով ունկնդրեցին եւ ուրախութեամբ մասնակցեցան ձեռնարկին:

 

 Թղթակցութիւնը՝ Նանէ Աւագեանի («Ասպարէզ»)