Անտառային հրդեհները, որոնք աւերած են Լոս Անճելըսի ամենագեղատեսիլ թաղամասերը, կը շարունակեն տարածուիլ: Առնուազն հինգ մարդ մահացած է վերահսկողութենէ դուրս եկած երեք խոշոր հրդեհի հետեւանքով:
Քալիֆորնիոյ մէջ աղէտը հասած է Հոլիվուտի բլուրներուն, ուր սկսած է տեղի բնակիչներու տարհանումը։ Լոս Անճելըսի շրջանի շերիֆի խօսքով՝ հրդեհները դեռ տեղայնացուած չեն, զոհերու թիւը կրնայ աճիլ։ Իրավիճակը կը սրի ուժեղ քամիի եւ չոր եղանակի պատճառով։
Իշխանութիւնները նշած են, որ Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ կը շարունակէ այրիլ հինգ անտառային հրդեհ, 150 հազար մարդ կ՚ապրի տարհանման գօտիի մէջ, հրկիզուած է 1000 շինութիւն, այդ շարքին՝ յայտնի մարդոց տուները: