2017ին, Փոքրիկ Հայաստանի (Արեւելեան Հոլիվուտ) մէջ չորս հայ երիտասարդներու կողմէ հիմնուած եւ տարիներու ընթացքին արագօրէն ընդարձակուած եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հռչակ ապահոված Dave’s Hot Chicken ճաշարաններու ցանցը ծախուեցաւ Roark Capital-ին՝ մէկ միլիառ տոլարի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն։
Աշբիւրը նաեւ նշած է, որ հիմնադիրները՝ Տէյվ Քոփուշեան, Արման Յովհաննէսեան, Թամի եւ Կերի Ռուբէնեանները պիտի շարունակեն ներկայիս առաւել քան 300 ճաշարաններ ունեցող ընկերութեան 30 տոկոսին տէրը մնալ։