image

Լիպիոյ մէջ քաոսային վիճակ. Զոհերու թիւը հասած է 11,000-ի

Լիպիոյ մէջ քաոսային վիճակ. Զոհերու թիւը հասած է 11,000-ի

Լիպիոյ մէջ ջրհեղեղներու զոհերու թիւը հասած է 11 հազարի, անհետ կորսուածներու թիւը՝ 20 հազարի, յայտնած է Al Arabiya հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով Լիպիոյ Կարմիր մահիկի տուեալներուն։

Հաղորդուած է, որ ջրհեղեղը ծով տարած է մօտ 2 հազար դի։

Կազմակերպութեան տուեալներով՝ Տերնա քաղաքին մէջ ջրհեղեղը քաղաքացիական պատերազմէն (2014–2020) ետք քաղաքի արեւելեան հատուածին մէջ մնացած պայթուցիկ զինամթերք տեղափոխած է քաղաքի այլ շրջաններ։

Լիպիոյ հիւսիս-արեւելքի մէջ ջրհեղեղի պատճառ դարձած է 10 սեպտեմբերին երկիրը պատուհասած «Տանիէլ» փոթորիկը: Ջուրի տակ անցած են բազմաթիւ բնակելի շէնքեր եւ հիւանդանոցներ։ Աղէտէն հիմնական տուժած են ափամերձ Տերնա, Ճապալ ալ-Ախտար եւ Պենղազի քաղաքները։