image

Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ տագնապալի իրավիճակ. Իսրայէլ 150 հարուած հասցուցած է «Հըզպալլա»-ի թիրախներու ուղղութեամբ

Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ տագնապալի իրավիճակ. Իսրայէլ 150 հարուած հասցուցած է «Հըզպալլա»-ի թիրախներու ուղղութեամբ

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերն այսօր առաւօտէն հարուածած են Լիբանանի մէջ գտնուող «Հըզպալլա» շարժման աւելի քան 150 թիրախներ: Այս մասին, ինչպէս գրած է Тhe Times of Israel-ը, յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը։

Հարուածներուն մասնակցած են ռազմաօդային ուժերու բոլոր ջոկատներու տասնեակ կործանիչներ։ Հարուածները հասցուած են այն բանէ ետք, երբ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ բացայայտած է «Հըզպալլա»-ի նախապատրաստութիւնը՝ Իսրայէլի վրայ խոշոր հրթիռային յարձակումներ իրականացնելու համար:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը զանգած է ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթընին եւ քննարկած զարգացող իրավիճակը Իսրայէլի եւ Լիբանանի հիւսիսային սահմանին։

Կալանթ մանրամասնած է, որ «Օսթընին տրամադրած է «Հըզպալլա»-ի կողմէ սպառնալիքներու գնահատականը եւ անոր զեկուցած Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գործողութիւններու մասին»:

«Մենք նաեւ քննարկած ենք աւելի լայն տարածաշրջանային իրավիճակը, Իրանի եւ անոր կապակցուած միաւորներու կողմէ բխող սպառնալիքները», -ըսած է Կալանթ:

Բացի այդ, Լիբանանի հարաւի եւ Պեքաա հովիտի բնակիչները գրաւոր հաղորդագրութիւններ կը ստանան Իսրայէլի բանակէն, որուն մէջ անոնց կոչ կ՚ընեն հեռու մնալու «Հըզպալլա»-ի կողմէ զէնք պահելու համար օգտագործուող շէնքերէն:

«Եթէ դուք կը գտնուիք «Հըզպալլա»-ի զինատեսակներ ունեցող շէնքի մէջ, հեռու մնացէք այնտեղէն մինչեւ հետագայ ծանուցում», -ըսուած է հաղորդագրութիւններուն մէջ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Տանիէլ Հակարին ուղերձ յղած է սահմանամերձ գիւղերու լիբանանցի խաղաղ բնակիչներուն՝ զգուշացնելով «Հըզպալլա»-ի կողմէ իրենց տուները զէնք պահելու նպատակով օգտագործելու առնչութեամբ:

«Կը դիմեմ Լիբանանի գիւղերու բոլոր բնակիչներուն, առաջիկային մենք պիտի հարուածենք Լիբանանի ահաբեկչական կառոյցները։ Բոլորին, որոնք կը գտնուին տուներու մէջ, ուր «Հըզպալլա»ն զէնք կը թաքցնէ, կոչ կ՚ընենք անյապաղ հեռանալու այդտեղէն: Սա ձեր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համար է»,-ըսած է ան։