image

Լիբանանը նոր տագնապի առջեւ. Արիւնալի ճահիճ, թէ խաղաղութիւն

  Լիբանանը նոր տագնապի առջեւ. Արիւնալի ճահիճ, թէ խաղաղութիւն

Ոչ ոք կը մտածէր, որ Լիբանան կը յայտնուի նոր պատերազմի մը մէջ։Նախ անոր համար, որ Լիբանանի մէջ Իրանի ռազմական թեւ հանդիսացող «Հըզպալլա»ն իր գործընկերներուն կերպով մը «խոստացած» էր, որ ինչ ալ պատահի, ինք հեռու պիտի պահէ Լիբանանը թէժ զարգացումներէ ու պիտի չդիմէ  նոր արկածախնդրութիւնները։  Թեհրանի մէջ եղած դէպքերը սակայն,  եղան շատ աւելի ծանրակշիռ, քան ինչ որ կը սպասուէր։

 Եւ ժամանակի առումով ու նաեւ տրամաթիք զարգացումներու տեսակէտէն «Հըզպալլա»ն յայտնուեցաւ մեծ անակնկալուներու առջեւ, որոնց մեծագոյնը անշուշտ Իրանի հոգեւոր առաջնորդին՝ Այաթոլլա Խամէնիի սպաննութեան դէպքն էր, որ  շիիթներուն, բայց մանաւանդ  Իրանի ռազմական թեւերուն համար համարուեցաւ դարակազմիք  իրադարձութիւն։ 

 Այդ սպանութիւնը արդարեւ դարձաւ դարձակէտ, որուն վրայ յենելով «Հըզպալլա»ն երկուշաբթի արեւծագին հարուածեց Իսրայէլի Հայֆա քաղաքը։   Մեծ թիւով լիբանանցիներու մօտ գոյութիւն ունի այն վարկածը, ըստ որուն «Հըզպալլա»ն իրական  առիթ տուաւ, որ Իսրայէլ բանայ Լիբանանի հետ ճակատը։ Վարկած մը, որ առաջ կը քաշուի համալիբանանեան բաւական լարուած  յոյզերու ներքոյ, որովհետեւ երկիրը  նախքան պատերազմի սկսիլը ունէր բաւարար մտահոգիչ եւ ծանր հանգամանքներով ագուցուած ներքին օրակարգեր։ 

Տնտեսական երեսակ, ընկերային երեսակի առընթեր խորքային անհանգստութիւն, դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներու աւանդներու խնդիր,  անցեալ պատերազմէն փլատակ  դարձաւ հարաւային հարիւրաւոր գիւղեր ու աւաններ։ Տակաւին ասոնց վրայ պէտք է բարդել Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան հինգ  դիրքերու գրաւման  երեւոյթ, ամէնօրեայ անապահովութիւն պայմանաւորուած Իսրայէլեան հարուածներով ու վերջապէս, ներքին  անապոհովութեան հարց ու  ներ-քաղաքական լարուած իրականութիւն։

 Ահա այս բոլորին հետ Լիբանան արդէն մտած է պատերազմի մը նոր փուլին մէջ, որուն նաեւ կ՚ընկերակցի «Հըզպալլա»ի հանդէպ ներքին անվստահութեան մեծ խնդիր։ 

Մինչեւ այս գիրին պատրաստութիւնը Լիբանանի մէջ զոհերուն թիւը հատած է 50-ը, կան հարիւրաւոր վիրաւորներ ու հազարաւոր գաղթականներ։ Տագնապի հեռանկարը  ցարդ  երեւելի չէ ու իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ մշուշոտ։ 

 Ճիշդ է, որ Լիբանանի վարչապետ Նաուֆ Սալամ, իր կողքին ունենալով երկրի նախագահ  Ժոզէֆ Աունը, ի վերջոյ կարողացաւ  յայտարարութիւն մը լոյսին տալ, որուն մէջ կը նշուի, թէ այսուհետեւ «Հըզպալլա»ին համար արտօնելի չէ ունենալ ռազմական-զինուորական գործունէութիւն, սակայն եկուր տես, որ խնդիրը հիմա, ոչ թէ  այդ որոշումին հրապարակումն է, այլ որոշումին գործադրութիւնը։

Լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը  (նոյնիսկ շիիթ համայնքի հազարաւոր անդամներ) լաւապէս հասկցած են, որ  «Հըզպալլա»ն  առաջուայ ազդեցիկութիւնը չունի. Չունի նաեւ անցեալի ուժը, նեցուկը եւ պատրաստուածութիւնը.բայց եւ այնպէս նոյն կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մնալ տիրական երկրի մը մէջ, որուն բանակը չունի իսկական կարողութիւն, իր ձեռքին մէջ պահելու երկրի անդորրը ու մանաւանդ պատերազմ մղելու կամ խաղաղութիւն տարածելու իրական որոշումը։

 Եթէ մինչեւ այս փուլը որոշ  խաւեր, քաղաքական գործիչներ, հասարակութեան մէջ շարժիչ ուժ հանդիսացող կողմեր երկմտանքով կը խօսէին «Հըզպալլա»ի ժխտական դերին ու անոր ընտրանքներու վնասակարութեան մասին, այսօր անոնք բացայայտ կերպով կը քննադատեն «Հըզպալլա»ն։

 Այս բոլորը իմանալէ ետք հարկ է անշուշտ հարց տալ, որ Լիբանանի պետութիւնը պիտի կարողանայ իրապէս նախաձեռնութիւն մը ձեռք առնել, ու «Հըզպալլա»ն զսպելէն անդին բաց խօսակցութիւն ունենալ  թէ Միացեալ Նահանգներու, թէ ալ Իսրայէլի հետ։ Յառաջիկայ օրերը ջրբաժան են Լիբանանի համար, կամ երկիրը կը մտնէ բարեփոխութիւններու իրական փուլը, կամ ալ այն իրապէս «կ՚ընկղմի»  մեծ տիղմեր եւ արիւն պարունակող  ճահիճի մը մէջ։

 Ու ամենակարեւոր վտանգը, որ այսօր կը սպառնայ Լիբանանին ներքին արիւնահոսութեան եւ բախումներու իսկական վտանգն է, որ  հալածող ուրուական մը ըլլալէ դադրելով դարձած է շատ իրական ու ամէն օր մօտեցող  վտանգ։

 Յոյսն անշուշտ ամօթով պիտի չձգէ լիբանանցիները, սակայն ամենակարեւորն այն է, որ այդ յոյսի պատուհանը բացուի «Հըզպալլա»ի ձեռամբ, որ  մանաւանդ այս փուլին պարտաւոր է Լիբանանի շահերը աւելի վեր դասեր, քան Իրանի  «յեղափոխութիւն»ն ու անոր գաղափարները։

 Տեսնենք...։

 

Սագօ Արեան 

 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...