image

Լիբանանի վարչապետ Միքաթի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն պահանջեց Սուրիացի գաղթականներիւ հեռացումը

Լիբանանի վարչապետ Միքաթի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն պահանջեց  Սուրիացի գաղթականներիւ հեռացումը

Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ Լիբանանը կը ներկայացնէ ՄԱԿի 77րդ Ընդհանուր ժողովին՝ ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ աշխարհը այսօր կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր, ինչպէս նաեւ զինեալ տագնապներ, որոնք կը մտահոգեն բոլորս:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշին եւ Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿի բոլոր կառոյցներուն, որոնք կը փորձեն մեղմացնել լիբանանցիներուն տնտեսական եւ ելեւմտական բեռը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` անոնց գործադրած ջանքերուն համար, որոնց նպատակն է պաշտպանել հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը` գործակցաբար լիբանանեան բանակին:

Միքաթի հաստատեց Լիբանանի կառչածութիւնը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, ինչպէս նաեւ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան:

Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծումին` Միքաթի ողջունեց այդ իմաստով ամերիկեան միջնորդութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր գերիշխանութեան, իրաւունքներուն եւ բնական հարստութեան: Ան շեշտեց, որ Լիբանան անկեղծօրէն կը մաղթէ, որ սահմանագծումի թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները աւարտին, եւ համաձայնութիւն գոյանայ: «Այս շրջագիծին մէջ ուրախութեամբ կ՛ընդգծեմ, որ զարգացումներ արձանագրուած են, եւ պէտք է մօտիկ ապագային աշխատանքը հասցնել իր աւարտին», ըսաւ ան:

Միքաթի կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն՝ նեցուկ կանգնելու անոր, ինչպէս նաեւ պահանջեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան այլեւս ի վիճակի չէ հանդուրժելու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը` աւելցնելով, որ միակ իրապաշտ լուծումը տեղահանուածներու ապահով տունդարձի կազմակերպումն է: