Լիբանանի տարածքին Իսրայէլի զանգուածային օդային հարուածներու հետեւանքով զոհուածներու եւ վիրաւորներու շարքին հայերու առկայութեան վերաբերեալ տուեալներ այս պահուն չկան։
այս մասին ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը:
Յիշեցնենք՝ սեպտեմբեր 23-էն Լիբանանի վրայ սկսած իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 492-ի, այդ շարքին՝ 35 երեխայ: Աւելի քան 1600 մարդ վիրաւորուած է։