image

Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հարուածներէն զոհուածներու շարքին հայերու մասին տուեալներ չկան․ ԱԳՆ

Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հարուածներէն զոհուածներու շարքին հայերու մասին տուեալներ չկան․ ԱԳՆ

Լիբանանի տարածքին Իսրայէլի զանգուածային օդային հարուածներու հետեւանքով զոհուածներու եւ վիրաւորներու շարքին հայերու առկայութեան վերաբերեալ տուեալներ այս պահուն չկան։

այս մասին ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը:

Յիշեցնենք՝ սեպտեմբեր 23-էն Լիբանանի վրայ սկսած իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 492-ի, այդ շարքին՝ 35 երեխայ: Աւելի քան 1600 մարդ վիրաւորուած է։