Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան տագնապը կը շարունակուի: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ կառավարութեան կազմութեան խնդրի վերաբերեալ, երէկ վարչապետ Սաատ Հարիրի բարձրացած է նախագահական պալատ եւ հանդիպում ունեցած է նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի հետ:
Ըստ «Ալ-Ախպար» օրաթերթին, տեղեկութիւններ շրջան կ'ընեն, ըստ որոնց, նոր կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ 36 նախարարէ:
Թերթը, որ այս մասին այսօր հրապարակում մը կատարած է, նաեւ նշած է, որ նախարարներու թուաքանակի փոփոխութեան առաջարկութիւնը ներկայացուած է վարչապետ Հարիրիին, որ այդ առումով մինչեւ այս պահը յստակ պատասխան մը չէ տուած:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան տագնապը նոր փուլ մը կը մտնէր, երբ երկրի անկախ սիւննի երեսփոխանները վարչապետ Հարիրիէն կը պահանջէին նախարարական աթոռ մը, երկրի տարբեր համայնքները ներկայացնող եւ 30 հոգիներէ բաղկացող նոր կառավարութեան մէջ: