Ճիշդ չէ սահմանադրական փոփոխութիւնները կապել որեւէ արտաքին գործօններու հետ: Այդ մեր ներքին հարցն է, մեր ժողովուրդը պիտի որոշէ՝ կ՚ուզէ՞ ունենալ նոր Սահմանադրութիւն, թէ՞՝ չուզեր: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը:
Ան նշած է, որ պէտք է ամէն ինչ ընեն, որ Սահմանադրութեան նոր բնագիրը պատրաստ ըլլայ մինչեւ 2026 թուականի ընտրութիւնները:
Գալեանը յիշեցուցած է, որ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը սկսած է դեռ 2018 թուականի յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, եւ այս ընթացքին իշխանութիւնները շարունակաբար բարձրաձայնած են այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մասին։
«Բազմիցս անդրադարձել եմ այն հարցին, թէ երբ են սկսել աշխատանքները նոր Սահմանադրութեան կամ սահմանադրական փոփոխութիւնների աշխատանքների հետ կապուած, եւ պատմութեան էջերը թերթելով, հանրութիւնը եւս համոզուել է, որ դա տեղի է ունեցել յեղափոխութիւնից անմիջապէս յետոյ», –ըսած է Սրբուհի Գալեանը։