Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Թուրքիան Իրանի համար փոխադարձ համագործակցութեան «նշանակալի ներուժ» ունեցող երկիրներ են, որոնց հետ փոխգործակցութիւնը պէտք է աշխուժացնել՝ համատեղ շահերն ապահովելու համար. այս մասին, «ԻՌՆԱ»-ի հաղորդմամբ, ըսած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը:
«Եթէ մենք ամրապնդենք հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները, պատժամիջոցները կը դառնան անարդիւնաւէտ: Այսօր առաւել քան երբեւէ պէտք է բարելաւենք կապերը հարեւան եւ տարածաշրջանային պետութիւններու հետ», -ընդգծած է Իրանի նախագահը: