Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան ողջերթի այց մը տուած է Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպանին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. ՏԷր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Քաթարի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ Բժշկ. Հրաչ Բարսէղեանի եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիկ. Միրէյ Աղազարեանի, Չորեքշաբթի 9 Յուլիս 2025-ին, Տոհայի երկօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանուհի՝ Տիկ. Ֆարահ Պըրիին:
Այցելութեան հիմնական նպատակը բարի երթ մաղթել դեսպանուհիին իր դիւանագիտական պաշտօնին աւարտին Քաթարէն ներս եւ յաջողութիւն մաղթելու նշանակուած նոր պաշտօնին որպէս Անգլիոյ Լիբանանի դեսպանուհի: Այս առիթով Սրբազան հայրը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ազգային Իշխանութեան եւ Տոհայի հայ համայնքին բարձր գնահատեց անցնող աւելի քան հինգ տարիներու ընթացքին տիկին Պըրիին ունեցած նպաստին ընդհանրապէս Լիբանանի Հանրապետութեան եւ մասնաւորաբար Տոհայի մէջ հաստատուած հայ համայնքին՝ «Անցնող տարիներու ընթացքին սերտ յարաբերութիւն ստեղծուեցաւ մեր միջեւ, որուն արդիւնքը եղաւ վայելել ձեր զօրակցութիւնը ու քաջալերանքը Տոհայի մէջ հաստատուած հայ համայնքին կեցութեան բարելաւման եւ զարգացման: Վստահ ենք որ նոյն պատրաստակամութեամբ պիտի շարունակէք ձեր ջերմ յարաբերութիւնները Կաթողիկոսարանին հետ, ցուցաբերելով ձեր զօրակցութիւնը ու օժանդակութիւնը»:
Տիկին դեսպանուհին ողջունեց Սրբազան հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց անցնող տարիներուն ընթացքին ստեղծուած ջերմ յարաբերութեանց Սրբազան հօր եւ հայ համայնքին միջեւ, ինչպէս նաեւ մատնանշեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին հետ ստեղծուած յարաբերութիւնները սերտօրէն պահելու եւ շարունակելու յառաջիկայ տարիներուն դիւանագիտական ծառայութեան ծիրէն ներս:
Սրբազան հայրը հանդիպման աւարտին Ազգային Իշխանութեան եւ հայ համայնքին կողմէ յատուկ յուշանուէր յանձնեց տիկին դեսպանուհիին: