image

Լիբանանի դատարանն ազատ արձակած է Քատաֆիի որդին. Ան երկար ժամանակէ ի վեր բանտարկուած էր Պէյրութի մէջ

Լիբանանի դատարանն ազատ արձակած է Քատաֆիի որդին. Ան երկար ժամանակէ ի վեր  բանտարկուած էր Պէյրութի մէջ

Դատարանը որոշած է ազատ արձակել Լիպիոյ հանգուցեալ առաջնորդ Մուամմար Քատաֆիի որդուն՝ Հաննիպալ Քատաֆին, 11 միլիոն տոլար գրաւի դիմաց։

Այս որոշումը կայացուցած է քննիչ դատաւորը, լրագրողներուն յայտնած է անոր փաստաբանը՝ հոկտեմբեր 17-ին Արդարադատութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած հարցաքննութենէն ետք։

Քատաֆիի 50-ամեայ որդին 2015 թուականէն ի վեր կալանքի տակ է Լիբանանի մէջ։