image
Հրատապ լուրեր:

ՍԴՀԿ Լիբանանի Պատուիրակութիւն մը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին մօտ

   ՍԴՀԿ  Լիբանանի Պատուիրակութիւն մը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին մօտ

Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն թելադրեց իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցելու յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ կայանալիք Հնչակեան կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց միջ-կուսակցական գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ Լիբանանէն եւ Սփիւռքի մեր բոլոր գաղութներէն ներս

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  լուրերը ներկայացնող «Կիլիկիա»  հարթակէն կը կարդանք՝ 

Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցեթութիւնը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմինը ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վանիկ Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանի։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի ներկայ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող վերջին զարգացումները։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակին, շրջանային լարուածութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ սփիւռքահայ գաղութներուն վրայ։ Քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած քաղաքական եւ ազգային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման ուղիները։

Այս մտերմիկ խորհրդակցութեան ընթացքին զրուցակիցները վերահաստատեցին հետեւողական համագործակցութեան իրենց պատրաստակամութիւնը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային շահերուն եւ Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման: