image

Լիբանանցիք հասկցա՞ծ են Իրանի դերը

Լիբանանցիք հասկցա՞ծ են Իրանի դերը

Լիբանանցիներու տեսակ մը կայ, որ մինչեւ հիմա կը շարունակէ «կոյր» ձեււանալ շրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ։ 

Այդ նոյն հատուածը երէկ ցոյց մը կատարած է «դիմաւորելով» Իրանի ԱԳ նախարար ՝ Ապտըլ Լահեանը, որուն պաշտօնական այցը այսօր ընթացք առաւ։

Ապտըլ Լահիան, որ Պէյրութ ժամանեց Մոսկուայէն յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է ամէն բան ընելու օգնելու համար Լիբանանին։

Հիմա վերադառնալով Լիբանանեան այդ հատուածի «տարտ»ին ըսեմ, որ ըստ անոնց «Իրանեան կայսրութիւն»ը տիրապետած է Լիբանանին եւ այդ լուծը շատ սեղմուած է իրենց վզին։

Հիմա լա՞մ թէ խնդամ։

Բարեկամներս, ո՞վ հզօրացուց Իրանեան դերը, եւ վերջին տարիներուն Իրան ինչ վատ բան ըրաւ Լիբանանին դէմ։

Հարցում առաջին՝ անկախ ամէն ինչէ, եթէ ինքիշխանութեան մասին պիտի խօսինք նախ պէտք է լաւ հասկնալ, որ մեր փոքրիկ Լիբանանը ունի ինքնաբաւ եւ ինքինիշխան ըլլալու ներուժը։

Պատասխանը՝ ոչ։ 

Հարցում՝ երկրորդ։ 

Ձեզի կը նեղացնէ հաւանաբար, որ Իրանի լիբանանեան «ձեռքեր»ը շատ կրօնական եւ ռատիքալ ոճով կը գործեն, շատ լաւ, բայց չէ՞ք կարծէր, որ նոյն այդ ռատիքալիստները Լիբանանը կը պաշտպանեն Իսրայլեան նկրտումներուն դէմ։ 

Հարցում երրորդ, չէ՞ք նկատեր, որ անցեալի «Պաղ Պատերազմ»ի բաղկացուցիչներու «վերացում»էն կամ փոփոխութիւններէն ետք, եւ նոր ուժերու ձեւակերպումէն ասդին, Իրան կը հանդիսանայ շրջանի կարեւորագոյն խաղացողներէն մին։ 

Հարցում չորրորդ. Մտածած է՞ք որ ով աւելի մօտ ու անկեղծ է ձեր հանդէպ։ Հեռաւոր ու անհոգ արեւմուտքը, կամ թէ ձեր հաւատալիքները յարգող ու ձեր աղ ու ջուրին մօտիկ եղող շիիթ տարրը։ 

Հարցումներու շարքը երկար է, ու հարցումներու ոճով խօսիլը օգտակար է, որովհետեւ ընթերցողը պիտի մղէ մտածելու։

Ու աւարտին ալ երբեք մի մոռնաք, որ արեւմուտքի համար յաճախ, որպէս ռատիքալ եւ ծայրայեղ համարուող Իրանը շատ մօտիկ ապագային պիտի դառնայ շրջանին մէջ Արեւմուտքի ամենապայծառ գործընկերը, որովհետեւ շահերու «նիստ ու կաց»ով շարժող արեւմուտքին համար միշտ ալ հիանալի բան է գործել ու գործակցիլ սկզբունքի գաղափարի տէր հասարակութեանց հե, որուն ամէնէն շէնշող օրինակը՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն իսկ է։

 

Գրառումը՝ Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն: