image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄԷ-ի Հայ Եկեղեցիներուն Մէջ Խաւարման Գիշերուան Խորհրդաւոր Արարողութիւններ.Շարժայի արարողութեանց հանդիսապետեց Առաջնորդ Սրբազան Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Մեծ Հինգշաբթիի խորախորհուրդ մթնոլորտին մէջ, հայ եկեղեցիները վերապրեցան Քրիստոսի չարչարանքներուն ու մատնութեան յիշատակը՝ խաւարման գիշերուան ազդեցիկ արարողութիւններով։

Ստորեւ   «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք այդ մասին ԱՄԷ-ի Թեմի     լրատւութիւնը։ 

Հինգշաբթի 2 Ապրիլ 2026-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եկեղեցիներէն ներս յիշատակուեցաւ Քրիստոսի մատնութեան, ձերբակալութեան, չարչարանքներու ու դատապարտութեան հետ առնչուող՝ խաւարման գիշերուան արարողութիւնը:

Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս արարողութեան նախագահեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, իսկ արարողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանը: 

Հաւատացեալներու ներկայութեամբ, ընթերցուած աւետարանական բաժինները մարմնաւորեցին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ու յատկապէս դատապարտութեան վերջին ժամերը: 

Նոյն օրը երեկոյեան Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս եւս տեղի ունեցաւ խաւարման գիշերուան արարողութիւնը Ապու Տապիի Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տէր Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանի կողմէ: