image

Փաշինեան ներկայացուց ՔՊ-ի  նախընտրական ծրագիրը 

Փաշինեան ներկայացուց ՔՊ-ի  նախընտրական ծրագիրը 

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է, եւ այսպիսով, Հայաստանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջանը բացուած է, այս մասին ըսուած է Ազգային Ժողովի 2026 թուականի հերթական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրի նախագիծի նախաբանի Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին մէջ։

«Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ Քաղաքացի, 

Ձեզ դիմում եմ ես՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ եւ վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանս.

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Ձեր աջակցութեամբ կատարել է Ձեր առաջ ստանձնած մեծագոյն առաքելութիւնը։

Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութիւն է հաստատուել, եւ այսպիսով, Հայաստանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջանը բացուած է։  

Յունիսի 7–ին կայանալիք ընտրութիւններում Ձեզ հետ միասին մենք մի խնդիր ունենք լուծելու․ պէտք է տէր կանգնենք Խաղաղութեանը, որը նոր է, մանուկ է, դեռեւս խոցելի է եւ մեր ամէնօրեայ խնամքի կարիքն ունի։ 

Յունիսի 7–ին գնացէ՛ք ընտրական տեղամաս եւ տէ՛ր կանգնէք Խաղաղութեանը՝ քուէարկելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան օգտին։ Ձեր՝ Նիկոլ»,-ըսուած է ՔՊ-ի նախընտրական ծրագրի նախաբանի Փաշինեանի խօսքին մէջ։