Իսրայէլեան օդային հարուածի հետեւանքով երեք լրագրողներ սպաննուեցան Լիբանանի հարաւը գտնուող Ճըզին քաղաքի մօտակայքը Մարտ 28-ին։ Ըստ լիբանանեան աղբիւրներու ՝ թիրախ դարձած է այն ինքնաշարժը, որով անոնք կը տեղաշարժուէին։ Զոհերուն մէջ են Al-Manar TV-ի թղթակից Ալի Շհայպը, Al-Mayadeen-ի թղթակից Ֆաթիմա Ֆաթունին եւ երկու նկարահանող։
Իսրայէլեան բանակը իր յայտարարութեան մէջ հաստատած է Ալի Շուայպի սպանութիւնը, սակայն չէ մեկնաբանած միւս երկու լրագրողներու մահը։ Աւելի վաղ, Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը՝ National News Agency (NNA), հաղորդած էր, որ իսրայէլեան հարուածը թիրախաւորած է Ճըզինի մերձ ճանապարհին գտնուող ինքնաշարժ մը՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու։
Գործակալութեան տուեալներով՝ Մարտ 28-ի լուսաբացէն սկսեալ Իսրայէլ օդային եւ հրետանային հարուածներ իրականացուցած է Լիբանանի 42 բնակավայրերու դէմ, որոնց մեծամասնութիւնը երկրի հարաւը կը գտնուին։ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան վերջին տուեալներով՝ Մարտ 2-էն ի վեր սկսած իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուած է 1,142 մարդ, իսկ վիրաւորուած՝ 3,315։
Իսրայէլ Լիբանանի դէմ ռազմական գործողութիւնները սկսած է Փետրուար 28-ին Իրանի դէմ իր հարուածներէն քանի մը օր ետք՝ Մարտ 2-ին։ Իսրայէլ յայտարարած է, որ գործողութիւններուն նպատակը «Հըզպալլա»-ի ենթակառուցուածքներու ոչնչացումն է, որոնք կ’օգտագործուէին Իսրայէլի հիւսիսային բնակավայրերուն դէմ հրետակոծումներու համար։
Հըզպալլա-ի գործողութիւնները կը դիտուին որպէս Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան ռազմական արշաւին արձագանգ, ուր շարժումը հարուածներ կը հասցնէ Իսրայէլին՝ ի նպաստ Թեհրանի։