image

Յայտնի է, թէ Փաշինեան ինչպէս պիտի տնօրինէ «Զայէտ» մրցանակի 500 հազար տոլարը

Յայտնի է, թէ Փաշինեան ինչպէս պիտի տնօրինէ «Զայէտ» մրցանակի 500 հազար տոլարը

«Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան 2026 թուականի մրցանակաբաշխութեան շրջածիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստացած 500 հազար տոլար մրցանակը պիտի աւանդադրուի՝ ապահովելով ՀՀ կառավարութեան որոշումներով սահմանուած ծախսերու ֆինանսաւորումը։ Համապատասխան որոշումն ընդունուած է կառավարութեան այսօրուան նիստի ժամանակ։

Այս տարուան յունուար 19-ին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներն արժանացած են «Զայէտ» մրցանակի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ «խաղաղութեան, երկխօսութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հակամարտութեան լուծման գործընթացի համար»։

Փետրուար 4-ին անոնք մասնակցեցան մրցանակաբաշխութեան։ «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան մրցանակն ունի 1 միլիո տոլար մրցանակային ֆոնտ, եւ Հայաստանն Ատրպէյճանի հետ կիսած է այն։

Կառավարութեան այսօրուան որոշմամբ մրցանակային այս գումարի տնօրինման համար ստեղծուեցան անհրաժեշտ իրաւական հիմքեր։

Որպէս արդիւնք, վարչապետի աշխատակազմին թոյլատրուած է ֆինանսներու նախարարութեան գանձապետարանին մէջ իր անուամբ բանալ ՀՀ դրամով արտապիւտճէթային աւանդային հաշիւ։